23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր

Արաս Հրատարակչութիւն

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս է

Կը պաշտպանէի՞ք ձեզի հետ համաձայն չեղող անձնաւորութեան մը արտայայտութեան ազատութիւնը։ Ինչո՞ւ։

Վրաս փակցուած զրպարտութիւն՝ցեղապաշտութիւն

Դէպքերը «Հայոց ցեղասպանութիւն»անուանելը թրքութիւնը անարգե՞լ է

«Չեմ լռեր պատժի վախի պատճառով. պիտի շարունակեմ խօսիլ, գրել»

«Չեմ լռեր պատժի վախի պատճառով. պիտի շարունակեմ խօսիլ, գրել»«Չեմ լռեր պատժի վախի պատճառով. պիտի շարունակեմ խօսիլ, գրել»* Տարեն Պաթլըր / Օսման Շենքուլ, 2006, «Ռոյթըրզ»   Հայերէն եւ թրքերէն հրատարակուող «Ակօս» թերթի հրատարակութեան ընդհ. տնօրէն Հրանդ Տինք, որուն «թրքութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ տրուած, սակայն յետաձգուած վեցամսեայ պատիժը վաւերացուած է նաեւ Վճռաբեկ ատեանին կողմէ, յայտարարեց, թէ պիտի չլռէ ու պիտի շարունակէ պաշտպանել իր իրաւունքը։   Վճռաբեկ ատեանի պատժական յանձնախումբը նախընթաց օրուան որոշմամբ վաւերացուց Տինքի քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով ստացած պատիժը։ Եւրոպական միութեան (ԵՄ) ընդլայնումէ պատասխանատու անդամը՝ Օլլի Ռեհն, այս առթիւ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ արտայայտման ազատութիւնը սահմանափակող այս որոշումը յուսաբեկութեան ենթարկած է զինք։   Ան «Ռոյթըրզ»ին յայտարարած է նաեւ, թէ Վճռաբեկի՝ այս դատին առթիւ 301-րդ յօդուածին մասին կատարած մեկնաբանութիւնը, նման դատավարութեանց համար նախընթաց մը պիտի ստեղծէ, ինչ որ մտահոգիչ է։ «Կոչ կ՚ուղղեմ թուրք պաշտօնեաներուն, որպէսզի 301-րդ յօդուածը փոխեն՝ արտայայտման ազատութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան։   «Ռոյթըրզ»ի հարցումներուն պատասխանեց նաեւ Տինք, որ շեշտեց, թէ պատժին յետաձգումը նպատակ ունի մարդիկը ստիպել «ինքնա-գրաքննութեան»։ «Կը կարծեմ սակայն, թէ ասիկա երբեք օգուտ մը պիտի չունենայ», ըսաւ ան ու նշեց.   «Յատկապէս այն մարդոց համար, որոնք մեզի նման պայքար կը մղեն յանուն ժողովրդավարութեան... Չենք խնայեր մեր խօսքը։ Ինչպէս որ զգայնութեամբ արտասանեցինք մեր խօսքը ու գրեցինք մեր գրութիւները, ասկէ ետք ալ այդպէս պիտի ըլլայ։ Պիտի չառաջնորդուիմ պատիժ ստանալու վախով»։   Երկիրը չեմ լքեր   «Ուզեմ-չուզեմ պիտի դիմեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական Դատարան, որովհետեւ կ՚ուզեմ այս երկրին մէջ ապրիլ։ Չեմ լքեր այս երկիրը։ Եթէ լքեմ՝ կարծես առանձին ձգած պիտի ըլլամ այն անձերը, որոնք այս երկրին մէջ ժողովրդավարութեան պայքար կը մղեն, ինչ որ դաւաճանութիւն կը նկատուի անոնց նկատմամբ, երբեք չեմ կրնար»։   Տինք մատնանշեց, թէ անպարտ արձակման ուղղութեամբ հաւանական որոշում մը, 301-րդ յօդուածը պաշտպանող Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը առաւելութիւն պիտի տար՝ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ՚ուզեն 301-րդ յօդուածի ջնջումը։   «Ես պիտի փրկուէի, սակայն Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը վնաս պիտի կրէր, 301-ը մնայուն պիտի դառնար, ուրիշներ եւս ա՛լ աւելի ծանր կերպով պիտի դատուէին», ըսաւ Տինք եւ յայտնեց, թէ իր դատապարտումին փոխարէն կը յուսայ որ պիտի շահի Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը։   «Կառավարութիւնը պէտք է տեսնէ, որ այս յօդուածը եւ ժողովրդավարութիւնը իրար հետ չեն կրնար քալել եւ պէտք է ջնջէ զայն... Ժողովրդավարութիւն անկարելի է ապահովել եթէ ոմանք գին չվճարեն»։   ԵՄ ալ ուշացաւ   Տինք շեշտեց, թէ դրական կը գնահատէ Ռեհնի իր դատին անդրադառնալն ու կառավարութեան՝ 301-ը ջնջելու ուղղութեամբ կատարած կոչը։ Ըստ Տինքի սակայն, ԵՄ եւս ուշ մնացածներէն մէկն է այս հարցին մէջ։   «Մենք, որպէս Թուրքիոյ ներքին շարժիչները, երբ քննարկումի առարկայ էր քրէական օրէսնգիրքը, կ՚աղաղակէինք, թէ արգելք ըլլան անոր ընդունումին։ Սակայն այդ ժամանակ ԵՄ եւ թրքական կառավարութիւնը կեդրոնացան արտաամուսնական սեռական յարաբերութեան վերաբերող յօդուածի մը եւ 301-րդ յօդուածը արանքէն անցաւ»։   «Սակայն այսօր գործադրութիւնը ցոյց տուաւ, որ մենք իրաւացի էինք։ ԵՄ ալ տեսաւ ասիկա, սակայն դժբախտաբար ուշացած էր։ Ինծի համար կարեւորը ո՛չ թէ ԵՄ-ի, այլ կառավարութեան տեսնելն է։ Կառավարութիւնը կ՚ըսէր, թէ սպասենք եւ տեսնենք կիրարկումը, ահա տեսան...»։   ԵՄ քանի կը քննադատէր Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մտաւորականներու 301-րդ յօդուածին պատճառով դատուիլը եւ կ՚ուզէր, որ Թուրքիա հետեւի Քոփենհակեան չափանիշներուն՝ Թուրքիոյ կառավարութեան պատասխանատուները իրենք զիրենք կը պաշտպանէին ըսելով, թէ օրէնսգիտութիւնը տակաւին հաստատուած չէ եւ պէտք է տեսնել կիրարկումը։   Արտայայտման պարտադիր ազատութիւն   Տինք շեշտեց, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցի շրջագծով վերջին քանի մը տարիներուն «արտայայտման պարտադիր ազատութիւն» մը կայ։ Ըստ իրեն, պատճառը՝ Թուրքիոյ պաշտօնապէս համայն հայութեան ուղղեալ միասնական աշխատանքի եւ ուսումնասիրութեան կոչն է։   Այս պատճառով, Տինք ուշագրաւ համարեց հայկական խօսոյթի գծով որեւէ մէկու դէմ դատ չյարուցուիլը եւ ըսաւ հետեւեալը. «Բայց կողմնակի պատճառաբանութիւններ կը յօրինեն ու դատեր կը յարուցեն «թրքութիւնը անարգելու, պետութիւնը արհամարհելու» յանցանքով։ Այսինքն, պաշտօնական խօսոյթին ընդդիմացողները կը պատժեն ծածուկ միջոցներով»։ Ան շարունակեց ըստ հետեւեալի.   «Ասիկա ինծի սահմաններս, չափս գիտցնելու գործողութիւն մըն է...։ Կը մտածեմ, որ ինծի տրուած պատիժը՝ ո՛չ թէ յարուցուած դատավարութեան պատիժն է, այլ չյարուցուած դատերուն»։   Ցեղասպանութենէ չեմ կասկածիր   Մալաթիա ծնած Տինք կ՚ըսէ, թէ կասկած չունի, որ Անատոլուի տարածքին 1915-ին պատահած է «հայոց ցեղասպանութիւն» մը։ Ան կը յայտնէ.   «Անշուշտ, կ՚ըսեմ, որ ասիկա ցեղասպանութիւն մըն է։ Որովհետեւ արդիւնքը արդէն ինքզինք կը բնութագրէ եւ ինքզինք կ՚անուանակոչէ։ Կը տեսնէք, որ ժողովուրդ մը, որ 4000 տարիէ ի վեր կը բնակէր այս հողերուն վրայ, այս դէպքէն ետք ոչնչացած է։ Արդէն ինքնին արտայայտիչ է։ Այս ժողովուրդը ոսկեայ օդանաւերով իսկ տեղափոխէք, առանց որեւէ փորձանքի իսկ տեղափոխէք...   «Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իրաւունք ունի բնակելու այն հողերուն վրայ, ուր բնակած են իր նախնիքը, ուր որ են իր մշակոյթին արմատները։ Անկարելի է որ ապրի այլուր։ Ես այդպէս կը հաւատամ։ Բայց որպէս հայ, անձ մը չեմ որ Թուրքիային եւ թուրքերուն ըսեմ, թէ «ընդունեցէք, ներողութիւն խնդրեցէ՛ք»։   * Կատարեալ թարգմանութիւնն է «Րոյթըրզ»ի կողմէ 14 յուլիս 2006 թուականին հրատարակուած հարցազրոյցին թրքերէն տարբերակին։ (© 2006 Reuters Limited)

Ինչո՞Ւ Թիրախ Ընտրուեցայ

Ինչո՞Ւ Թիրախ ԸնտրուեցայԻնչո՞Ւ Թիրախ Ընտրուեցայ Հրանդ Տինք, 12 Յունվար 2007, Ակոս   Սկսիմ հետեւեալ նշումով. վեցամսեայ բանտարկութեան դատապարտուեցայ «թրքութիւնը անարգելու» յանցանքով, զոր երբեք չեմ  գործած։ Որպէս վերջին ճար կը դիմեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ)։ Մինչեւ 17 յունուար թուականը փաստաբաններս պիտի ներկայացնեն դիմումը, որուն կցելու համար ինձմէ ուզեցին գրութիւն մը, ուր կը պատմուի դէպքերուն զարգացումը։ Յարմար գտայ հանրային կարծիքին հետ բաժնել այդ գրութիւնը, որովհետեւ ՄԻԵԱ որոշումին չափ, նոյնիսկ ատկէ ալ աւելի, կարեւոր է Թուրքիոյ հանրութեան խղճին որոշումը։ Քանի մը շաբաթ շարունակելի այս յօդուածաշարքի կարգ մը տեղեկութիւններն ու հոգեվիճակս թերեւս յաւիտենապէս ծածուկ պահէի, եթէ ՄԻԵԱ դիմելու հարկադրանքին տակ չգտնուէի։ Բայց եթէ գործը հասած է այս կէտին՝ անցած-դարձածը յայտնելը կարծեմ լաւագոյնն է... Ո՛չ միայն ես, ո՛չ միայն հայերը... Ողջ հանրային կարծիքը կը հետաքրքրուի եւ առանց վարանքի կը հարցնէ հետեւեալը. բոլոր անոնց համար, որոնք թրքութիւնը անարգելու ամբաստանութեամբ հարցաքննուեցան կամ դատուեցան, ըստ 301-րդ յօդուածի տրամադրութեան, ձեւական կամ իրաւական լուծում մը գտնուեցաւ եւ դատերը, առանց դատապարտումի յանգելու, առաջին իսկ նիստերուն աւարտեցան, իսկ ինչո՞ւ Հրանդ Տինք դատապարտուեցաւ վեց-ամսեայ ազատազրկումի։   Յաղթահարուած դէպքեր   Սխալ սահմանում մը կամ անպիտան հարցում մը չէ ասիկա։ Եթէ կը յիշուի, նախքան Օրհան Փամուքի դատավարութիւնը հազարումէկ ճար մտածուեցաւ դատը ջնջելու համար։ Ոմանց կարծիքով Արդարադատութեան նախարարութիւնը դատավարութեան համար արտօնութիւն պէտք է տար, հետեւաբար հոն պէտք էր հարցնել։ Այդպէս ալ եղաւ։ Արդարադատութեան նախարարը, երբ տեսաւ որ գնդակը նետուած է իրեն, թակարդուածի վիճակի մէջ մէկ կողմէ Փամուքին կրակ կը ժայթքէր, միւս կողմէ ալ կոչ կ՚ուղղէր որպէսզի ան ըսէր, թէ նման բան մը չէ ըսած։ Վերջապէս, կայացաւ Փամուքի դատին առաջին նիստը, որու ժամանակ պատահած վանդալական յարձակումներու պատճառով Թուրքիա աշխարհին խայտառակուեցաւ, եւ որպէսզի երկրորդ նիստին նման բաներ չպատահէին՝ դատը ջնջուեցաւ եւ Փամուքի 301-ի արկածին ձեւական լուծումով մը վերջ տրուեցաւ։ Նման գործընթաց մը, աւելի թեթեւ, պատահեցաւ Էլիֆ Շաֆաքի դատին։ Նախքան դատը մեծ աղմուկ բարձրացաւ, բայց առաջին իսկ նիստին, նոյնիսկ առանց Շաֆաքի դատարան գալուն, վերջացաւ։ Ձեւական այս լուծումները գոհ կը ձգէին ամէնքը։ Նոյնիսկ վարչապետ Թայյիպ Էրտողան հեռաձայնեց Շաֆաքին եւ յղեց իր մաղթանքները։ Նման «յաղթահարում»ներ պատահեցաւ նաեւ այն լրագրող ու համալսարանական բարեկամներուն, որոնց դէմ «թրքութիւնը անարգելու» մեղադրանքով դատեր բացուած էին Հայկական խորհրդաժողովէն ետք իրենց գրածներուն պատճառով։   Անպատասխանելին...   Չկարծուի, որ նախանձած եմ դատերուն այս կերպով նուազ վնասով մը յաղթահարուելուն։ Ընդհակառակը, դատերուն բացուիլը կամ հարցաքննութեանց ձեռնարկուիլն իսկ բաւական ծանր գին մըն է տուժողներուն համար, եւ մէկն եմ որ գիտեմ ու կը բաժնեմ այն ծանրութիւնը, որ ունի դատուող բարեկամներուն դէմ եղած անիրաւութիւնը։ Իմ հոգս է հարցապնդել ու պատասխանել հետեւեալին. այն մտահոգութիւնն ու աղմուկը, որ բարձրացաւ անոնց դատերուն առթիւ, ինչո՞ւ չցուցաբերուեցաւ Հրանդ Տինքի դատին նկատմամբ։ Տեսանք, որ նման «թեթեւակի յաղթահարումներ»ը կառավարութեան տեսակ մը տարբերակ ընձեռեցին եւ 301-ի ջնջումը պահանջող Եւրոպական Միութեան ճնշումին դիմաց ցոյց տրուեցան որպէս «գեղեցիկ արդիւնքով» կիրարկումներ։ Կառավարութիւնը 301-ի նիւթով կաշկանդող եւ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն որեւէ պատասխան տալ չկարենալուն պատճառ հանդիսացող միակ օրինակը եղաւ Հրանդ Տինքին դատապարտուիլը։ Լեզուները պապանձեցան, երբ նիւթը այդ դատին վերաբերեցաւ։ Ամէն անոնց, որոնց դէմ «թրքութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ հարցաքննութիւն կամ դատ յարուցուած էր 301-րդ յօդուածով, կերպով մը ձեւական կամ իրաւական լուծում մը տրուեցաւ եւ դատերը ջնջուեցան առաջին իսկ նիստին, նախքան դատապարտումի որոշումը, մինչդեռ Հրանդ Տինքը, նոյնիսկ առանց յանցակազմի գրութեան մը պատճառով, ինչո՞ւ վեց ամսուան ազատազրկումի դատապարտուեցաւ։   Հայ ըլլալու դերը   Այո՛, բոլորս պէտք ունինք այս հարցումի պատասխանին։ Յատկապէս՝ ես։ Վերջապէս այս երկրի մէկ քաղաքացին եմ եւ յամառօրէն կ՚ուզեմ հաւասար ըլլալ բոլորին։ Անկասկած, հայ ըլլալուս պատճառով, նախապէս, բազմաթիւ անգամներ բացասական խտրականութեան ենթարկուած եմ։ Զոր օրինակ, 1986-ին, երբ Տենիզլիի մէջ բանակային ծառայութիւնս կը կատարէի 12-րդ հետեւակային գունդին մէջ, որպէս կարճաժամկէտ (ութ ամիս) զինուոր, բոլոր ընկերներուս, երդման արարողութենէն ետք, աստիճան տրուեցաւ եւ միայն ես մնացի որպէս հասարակ զինուոր։ Երկու զաւկի տէր մեծահասակ մարդ մըն էի, թերեւս պէտք չէ հոգս ըլլար։ Մանաւանդ որ որոշ հանգստութիւն մըն ալ ապահոված էր։ Հերթապահութիւն կամ աւելի դժուարին պարտականութիւններ պիտի չտրուէին։ Եկուր ու տե՛ս սակայն, որ այս խտրականութիւնը հարուածած էր զիս։ Հանդիսութենէն ետք, երբ ամէն մարդ ուրախութիւնը կը բաժնէր իր ընտանիքին հետ, թիթեղեայ հիւղակի ետին, երկու ժամ շարունակ միայնակ լալս երբեք չեմ մոռնար։ Յիշողութեանս վրայ տակաւին վէրք մըն է գնդապետին զիս իր սենեակ կանչելն ու «Մի՛ տխրիր, եթէ հարց մը ըլլայ, քովս կու գաս» ըսելը։ Անշուշտ, աստիճանի մը տուուչութիւն չէ 301-ի պատճառով դատուիլը, անպարտ արձակուիլը կամ դատապարտուիլը։ Հետեւաբար, «եթէ անոնք չեն դատապարտուած, ես ալ պէտք չէ դատապարտուիմ», կամ մա՛նաւանդ «եթէ զիս դատա պարտեցին՝ զիրենք ալ պէտք է դատապարտեն» չեմ ըսեր երբեք։ Բայց որպէս մէկը, որ հասունցած է խտրականութեան ենթարկուելու փորձառութեամբ, պէտք է խոստովանիմ, թէ մտային բնազդը բնաւ չի դադրիր հետեւեալ հարցումը տալէ. «Հայ ըլլալս ազդեցութիւն մը ունեցա՞ւ այս արդիւնքին վրայ»։   Գիտցածներս եւ նախազգացումներս   Անշուշտ ունիմ տալիք պատասխան մը՝ քով քովի բերելով իմ գիտցածներս ու նախազգացումներս։ Ամփոփումը հետեւեալն է. ոմանք որոշեցին եւ գործի ձեռնարկեցին՝ «Հրանդ Տինք ա՛լ չափը անցաւ... Պէտք է իրեն ցոյց տանք չափն ու սահմանը»։ Կ՚ընդունիմ, որ այս պնդումս որպէս կորիզ ունի զիս ու հայկական ինքնութիւնս։ Թերեւս ըսեն, թէ կը չափազանցեմ։ Սակայն հոգեւին այսպէս է ըմբռնումս... Ունեցած տեղեկութիւններս եւ ինչ որ ապրեցայ այլ տարբերակ չեն յուշեր, քան յիշեալ պնդումս։ Պատահածներն ու նախազգացումներս ձեզի փոխանցելը իմ պարտականութիւնս է։ Մնացեալը՝ դուք գիտէք...    Չափ ու սահմանս    Նախ լուսաբանեմ Հրանդ Տինքի «չափն անցնիլը»։ Տինք արդէն միջոցէ մը ի վեր ուշադրութիւն կը գրաւէր, կը նեղէր զիրենք։ 1996-էն, այսինքն՝ «Ակօս»ը հրատարակելէն ի վեր, հայ հաւաքականութեան խնդիրները կը պատմէր, իրաւունք կը պահանջէր կամ ցոյց կու տար իր կեցուածքը, որ յարիր չէր պատմութիւնը արծարծելու մասին թրքական պաշ-տօնական վարկածին եւ այս ընելու ժամանակ կը պատահէր որ չափը անցնէր, սակայն վերջին կաթիլը եղաւ 6 փետրուար 2004-ին «Ակօս»ի մէջ հրատարակուած «Սապիհա Կէօքչեն»ի վերաբերող լուրը։ Տինքի ստորագրութեամբ եւ «Սապիհա խաթունի գաղտնիքը» խորագրով հրատարակուած լրատուութեան մէջ կ՚արտայայտուէին Կէօքչենի հայաստանաբնակ ազգականները՝ պնդելով, թէ Աթաթիւրքի որդեգիր Կէօքչեն որբանոցէն առնուած հայ որբ մըն էր։ Թուրքիա ցնցուեցաւ, երբ լուրը «Ակօս»էն արտատպելով 21 փետրուար 2004-ին իր առաջին էջին հրատարակեց «Հիւրրիէթ», որ Թուրքիոյ ամենավաճառուող թերթն է։ Աւելի քան 15 օր բոլոր սիւնակագիրները այս մասին դրական կամ բացասական մեկնաբանւթիւններ կատարեցին, տարբեր շրջանակներ հանդէս եկան զանազան յայտարարութիւններով։ Այս բոլորին մէջ ամենէն կարեւորը Ընդհանուր Սպայակոյտի նախագահութեան գրաւոր յայտարարութիւնն էր։ «Նման խորհրդանիշ մը, անկախ իր նպատակէն, բանավէճի առարկայ դարձնել յանցանք մըն է ազգային միասնութեան ու հանրային խաղաղութեան դէմ», ըսուած էր այնտեղ՝ հակազդելով լրատուութեան հեղինակներուն։ Ըստ իրենց, լրատուութեան հեղինակները ունէին յետին նպատակներ, կը փոր ձէին թրքութենէ զրկելով ցնցում յառաջ բերել ինքնութեանը վրայ անձի մը, որ վերածուած էր թուրք կնոջ առասպելին ու խորհրանիշի։ Որո՞նք էին այն վարնոցները, ո՞վ էր Հրանդ Տինք։ Պէտք էր ցոյց տալ իրեն իր չափն ու սահմանը։   Հրաւէր պաշտօնական զրոյցի   Ընդհանուր Սպայակոյտի յայտարարութիւնը հրատարակուեցաւ փետրուար 22-ին, կիրակի։ Տունը, հեռատեսիլի լուրերէն մտիկ ըրի երկարապատում յայտարարութիւնը։ Այդ գիշեր շատ հանգիստ չէի։ Կը նախազգայի, թէ յաջորդ օր բաներ մը պիտի պատահին։ Փորձառութիւնս ու նախազգացումս զիս չհերքեց։ Յաջորդ օր, առտու կանուխ, հնչեց հեռաձայնս։ Իսթանպուլի փոխկուսակալներէն մէկն էր։ Կոշտ շեշտով մը յայտնեց, թէ լրատուութեան վերաբերող փաստաթուղթերով ինծի կը սպասէ կուսակալութիւն։ Երբ հարցուցի, թէ հրաւէրը ի՛նչ նպատակ ունի, պատասխանեց. «Զրուցելու եւ փաստաթուղթերը տեսնելու համար»։ Հեռաձայնեցի փորձառու լրագրող բարեկամներուս եւ իրենց հարցուցի նման հրաւէրի մը նշանակութիւնը։ Թելադրեցին, որ նման զրոյցներ սովորական չեն, օրինական ձեւակերպութիւն մըն ալ չեն, սակայն ճիշդ պիտի ըլլայ եթէ ունեցած փաստաթուղթերով ընդառաջեմ կանչին։   Պէտք է ուշադիր ըլլայի   Անսացի խորհուրդներուն եւ իմ մօտ գտնուող փաստաթուղթերով այցելեցի փոխկուսակալին։ Բաւական քաղաքավար էր ան։ Երբ զիս իր սենեակը հրաւիրեց, կին մը եւ տղամարդ մըն ալ կար հոն։ Ըսաւ, թէ իր հարազատներն են եւ հարցուց, թէ արդեօք անպատեհութիւն մը կը տեսնէի եթէ իրենք ալ ներկայ ըլլային։ Ըսի, որ անպատեհութիւն մը չեմ տեսներ եւ նստեցանք։ Արդէն իսկ զգացած էի թէ փափուկ կացութիւն մը կայ։ Փոխկուսակալը առանց սպասելու սկսաւ։ «Պարոն Հրանդ, -ըսաւ,- դուք փորձառու լրագրող մըն էք։ Պէտք չէ՞ աւելի ուշադիր ըլլաք լրատուութիւն պատրաստելու մէջ։ Եւ յետոյ ի՞նչ կարիք կայ այսպիսի լուրերու։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս տակնուվրայ եղաւ մէջտեղը։ Չէ՛, մենք ձեզ կը ճանչնանք, բայց փողոցի մարդը ուրկէ՞ ճանչնայ։ Թերեւս կարծուի, թէ նման լուրեր այլ նպատակներով կը պատրաստէք։ Կը տեսնէ՞ք սա թղթապանակը։ Հայոց պատրիարքը դիմում մը ներկայացուցած էր. կարգ մը կայքէջերու վրայ, քանի մը վարնոցներ, կը փորձեն հայ հաւաքականութեան կարգ մը հաստատութիւններուն ուղղեալ ահաբեկչութիւն որակելի գործողութիւններու ձեռնարկել։ Մենք զանոնք հետապնդեցինք եւ գտանք Պուրսայի մէջ եւ յանձնեցինք արդարադատութեան մարմիններուն։ Ահա տեսէք, թէ ինչ տեսակ մարդիկ կան փողոցները։ Աւելի ուշադիր պէտք չէ՞ ըլլալ նման լրատուութիւն պատրաստելու մէջ»։ Զրոյցին, որ այս կերպ սկսաւ փոխկուսակալը, տղամարդ հիւրն ալ մասնակցեցաւ եւ ալ ոչ ոքի թողեց խօսքին կծիկը։ Փոխկուսակալին խօսքերը աւելի յստակ ոճով մը ան ալ կրկնեց։ Թելադրեց որ ուշադիր ըլլամ եւ խուսափիմ միջավայրը լարելու նախաձեռնութիւններէ։ «Թէեւ համամիտ չենք ձեր ոճին, սակայն ձեր կարգ մը գրութիւններէն կրնանք հասկնալ, թէ ձեր նպատակը վատ չէ, բայց բոլորը չէ որ կրնան հասկնալ եւ հանրութեան հակազդեցութիւնը ձեր վրայ կրնաք հրաւիրել», կ՚ըսէր ու զիս կը զգուշացնէր վերստին։ Իսկ ես բաւականացայ պատմելով, թէ լրատուութիւնը ի՛նչ նպատակով պատրաստած էի։ Նախ՝ լրագրող մըն էի եւ այս մէկը լրատուութիւն մըն էր, որ պիտի յուզէր որեւէ լրագրող մը։ Երկրորդ՝ կը փորձէի Հայկական հարցի մասին խօսիլ փոխանակ միայն մահացածներու, քիչ մըն ալ մնացածներու եւ վերապրածներու շրջագծով։ Բայց կը տեսնէի, որ մնացածներու շուրջ խօսիլը աւելի դժուար է։ Սենեակը լքելու պահուն անդրադարձայ, որ չեն յամառած ձեռքի փաստաթուղթերս տեսնելու կամ զանոնք ունենալու ուղղութեամբ։ Ե՛ս է որ յիշեցուցի այդ մասին եւ տուի իրենց։ Զրոյցի բովանդակութենէն արդէն իսկ յայտնի էր, թէ զիս ինչո՛ւ հրաւիրած են։ Չափս պէտք է գիտնայի... Ուշադիր պէտք է ըլլայի... Այլապէս լաւ պիտի չըլլա՛ր։   Այլեւս թիրախ եմ   Իրապէս, վերջը լաւ չեղաւ։ Կուսակալութիւն այցելութեան հետեւեալ օրէն սկսեալ բազմաթիւ թերթերու մէջ, բազմաթիւ սիւնակագիրներ հայկական ինքնութեան վերաբերող յօդուածաշարքիս հետեւեալ՝ «Մաքուր արիւնը, որ պիտի փոխարինէ «թուրք»էն հոսելիք թունաւոր արիւնը, ներկայ է հայուն Հայաստանի հետ ստեղծելիք ազնուական երակին մէջ» նախադասութիւնը պարունակէն հանելով միասնական արշաւով մը յայտնեցին, թէ թուրքի թշնամութիւն կ՚ընեմ։ Այս հրատարակութիւններէն ետք, փետրուար 26-ին, գորշգայլերու Իսթանպուլի նախագահ Լեւենթ Թեմիզի գլխաւորութեամբ խումբ մը այգայնականներ «Ակօս»ի դրան առջեւ ինծի դէմ կարգախօսներ վանկարկեցին ու սպառնալիքներ ուղղեցին։ Ոստիկանութիւնը օր մը առաջ արդէն տեղեկացած էր այս ցոյցին։ «Ակօս»ի մէջ եւ դրան առջեւ հարկ եղած ապահովութեան միջոցները առնուած էին։ Տեղեակ պահուած էին նաեւ հեռատեսիլի կայաններն ու թղթակիցները, որոնք «Ակօս»ի առջեւն էին։ Ցուցարարներուն կարգախօսները յստակ էին. «Կա՛մ սիրէ, կա՛մ լքէ», «Անիծեալ ԱՍԱԼԱ», «Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ»։ Ցուցարարներու առաջնորդ Լեւենթ Թեմիզի ելոյթին մէջ թիրախը յստակ ու բացայայտ էր. «Հրանդ Տինք այսուհետեւ մեր բարկութեան ու ատելութեան թիրախն է, մեր թիրա՛խն է»։ Ցուցարարները ցրուեցան։ Բայց այդ օր եւ յաջորդ օր որեւէ կայան (բացի «Քանալ 7»է), որեւէ թերթ (բացի «Էօզկիւր կիւնտեմ»է) այս մասին հրապարակում մը չկատարեց։ Յայտնի էր, որ ազգայնականները «Ակօս» յղած ուժը յաջողած էր, մէկերկու բացառութեամբ, պաշարել լրա տուամիջոցները, բացասական տեսարաններէ ու կարգախօսներէ ետք։   Վտանգի շեմին   Քանի մը օր ետք, «Ակօս»ի դուռը, նման ցոյց մըն ալ կատարեց խումբ մը, որ ինքզինք կը կոչէր «Անհիմն հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի դաշնակցութիւն»։ Ետքը մէջտեղ ելաւ մինչ այդ ոչ մէկ ժողովրդականութիւն վայելող իրաւագէտ Քեմալ Քերինչսիզ եւ իր նախագահած Իրաւագէտներու մեծ միութիւնը։ Քերինչսիզ եւ ընկերները Շիշլիի հանրապետական դատախազութիւն փութալով՝ իմ մասիս յանցագործութեան զեկոյց մը ներկայացուցին։ Այս դիմումը առիթ եղաւ, որպէսզի արագանան Թուրքիոյ պատիւը ամբողջութեամբ վնասող 301-ի դատերը։ Իսկ ինծի համար ալ կը սկսէր նոր ու վտանգաւոր գործընթաց մը։ Թէեւ կեանքիս ընթացքին միշտ ալ շրջած էի վտանգներու մօտ։ Կա՛մ վտանգները զիս սիրած էին, կա՛մ ես՝ զիրենք... Եւ ահա դարձեալ անդունդի եզրին եմ... Դարձեալ կան մարդիկ, որոնք կը հետապնդեն զիս։ Կը զգայի զանոնք։ Եւ շատ լաւ գիտէի, որ անոնք Քերինչսիզի խմբակով սահմանափակ կամ սոսկ անոնցմէ բաղկանալու աստիճան հասարակ ու տեսանելի չեն։

Թըրթթավա

«Երբ 1986 թուականին Տենիզլիի 12-րդ Հետիոտն գումարտակին մաս կազմեցի կարճ ժամկէտային զինուորութեան համար (8 ամսու), իմ շրջանի բոլոր ընկերներուս ենթասպայի աստիճան տուին, միայն զիս զատելով պարզ զինուոր ձգեցին: Երկու զաւակ ունեցող մեծ մը մարդ եմ, թերեւս պէտք չէր հոգ ընէի: Բայց եւ այնպէս այս խտրականութիւնը շատ գէշ ազդած էր վրաս: Աստիճան շնորհելու հանդիսութենէն ետք բոլորը իրենց ընտանիքներուն հետ, մինչ կը բաժնեկցէին իրենց ուրախութիւնը, ես թիթեղեայ տնակներուն ետեւը, առանձինս երկու ժամ լալս բնաւ չեմ կրնար մոռնալ»:  Այս սենեակը բաժնեկցելու, ցաւերը կիսելու եւ որպէս «թըրթ ընելու» վայր ձեւաւորուած է: Ձեր տրամադրութեան տակ է...  

Կ՝ուզէ՞ք բաժնեկցիլ ձեր պատմութիւնը:

Ճեմիշի երգչախումբ

Ճեմիշի երգչախումբ

Ճեմիշի երգչախումբՃեմիշի երգչախումբ Հրանդ Տինք, «Ակօս», 3 Յունուար 1997   Պոլսոյ կարգ մը թաղերուն մէջ կայացած է միջվարժարանային մրցում մը, որուն ի շարս այլեւայլ վարժարաններու փոքրամասնական մեր դպրոցներու աշակերտներն ալ մասնակցած են։ Շիշլիի, Պէյօղլուի եւ կարծեմ Գատըգիւղի մէջ մեր տղաքը առաջնութիւն եւ քանի մը կարեւոր յաջողութիւններ ալ արձանագրած են։ Մրցումի նիւթը եղած է «Երգել Անկախութեան Քայլերգը»։ Մեր տղաքը առաջնային տեղեր գրաւած են Անկախութեան քայլերգը լաւագոյնս երգողներու շարքին։ Սոսկ մրցում մըն է եղածը, սակայն տեսէք թէ այս մրցումը ուր կը տանի մարդուն յիշողութիւնը... *** 12 Սեպտեմբեր 1980-ի անմիջական վաղորդայնին մարդիկ իրենց տուներէն մէկիկ-մէկիկ կ՚առնուէին։ Կը տարուին ու կը թխմուին առաջին իսկ պատահած վայրերէն ներս։ Զանոնք թխմելու վայրերէն մէկն ալ Պոլսոյ Սամանտրան է։ Զօրանոցը վերածած են բանտի, զինուորական ճեմիշներն ալ՝ բանտախուցի։ Մետրքառակուսիէ մը աւելի փոքր են քովէ քով շարուած այս ճեմիշները։ Ճեմիշներուն ծակերը գոցած են տախտակեայ փակոցներով։ Զով որ գտնել կարենան՝ կը բերեն ու հոս կը թխմեն։ Ճիշդ ութը օրէ ի վեր զիս ալ, եղբօրս հետ, բերած են հոս։ Երբեմն հարցաքննելու կը տանին վեր։ Մեր բաժինն ալ շնորհելէ ետք, դարձեալ կը թխմեն մեզ մեր խուցերը։ *** Խցարկեալները զօր ու գիշեր հոգեբանական կտտանքի կ՚ենթարկեն։ Զինուորները զօր ու գիշեր, մշտապէս, քայլերգ երգել կու տան անոնց, որպէսզի չկարենան քնանալ։ Կէս ժամը անգամ մը, իւրաքանչիւր հերթապահ, իր ստացած հրահանգին անսալով, կը յայտնուի դրան առջեւ ու կը պոռայ. «Քայլերգ երգէ՛, ծօ՛»։ Ամենաշատ Անկախութեան քայլերգն է որ կ՚երգեցնեն։ Կրնա՞ք երեւակայել. Այս մարդիկ իբր թէ հայրենասիրութիւնը ձեզ պիտի սորվեցնեն այս կերպով եւ այս նպատակով Անկախութեան քայլերգը երգել կու տան, ճեմիշին մէջ։ Կը ծեծեն անոնք, որոնք չեն երգեր. կը բանան խուցին դուռը եւ կը սկսին հարուածել։ Մէկ-երկու անգամ ծեծ ուտելէ ետք՝ ա՛լ փորձառու կը դառնաք։ Հերթապահ զինուորը ա՛լ չնեղեր ձեզ, իր ուշադրութիւնը կամայ կը կեդրոնացնէ նորեկներուն։ *** Քիչ առաջ նոր խումբ մը բերին։ Հուռռա՜... Յարձակում մը սկսաւ, աղմուկաղաղակ։ Գրեթէ բոլորն ալ Հայերէ կազմուած խումբ մըն է։ Կից խուցերը տեղաւորեցին։ Զինուորները քանի իրենց անունները կու տան՝ կը հասկնամ, թէ ովքեր են։ Մեծ մասը ծանօթ անուններ են։ Խցակցիս հետ պատի միջով կատարած զրոյցներէ ետք կը հասկնամ, թէ ինչու բերուած են։ Ոչինչ պատճառ մը։ Ոչ մէկը շօշափելի յանցանք մը գործած է։ Երուսաղէմ ուսանելու համար աշակերտ մը կը տարուի, եղեր, իրեն ուղեկցող քահանան ու աշակերտը օդակայանին մէջ կեցուցեր ու հարցաքններ են. «Կեցէ՛ք տեսնենք, դուք այս մանուկը ինչո՞ւ Երուսաղէմ կը տանիք»։ Եւ բոլոր այն մարդիկը, որոնք նպաստած են անոնց երթին՝ կրթաթոշակ յատկացնողը, տարադրամը ապահոված անձը, տարադրամը փոխանակողը, ով կայ-չկայ հաւաքեր բերեր են ահաւասիկ։ Քանի մը օր Սամանտրա մնացին եւ վերջապէս բացի հոգեւորականէ մը, միւսները ազատ ձգեցին։ Դէպքը, որ զիս այդ օրերը վերադարձուց, իրենց գալէն ետք ճեմիշի երգչախումբին սարքած հոյակապ համերգներն են։ *** Զինուորին ձայնը երբ որ լսեն, մեզմէ մէկ քանին (անունները թող որ իմ մօտս մնան առայժմ) կը կանխեն զինուորը։ «Հրամանատա՛ր, քայլերգ երգե՞նք»։ Եւ կը սկսին այդ քայլերգները, ճեմիշին մէջ, բարձրաղաղակ երգել։ Այդ ճեմիշները մինչ այդ նման երգչախումբ մը չէին տեսած, ատկէ ետք ալ պիտի չտեսնէին վստահաբար։ Զանոնք նսեմացնելու համար չէ որ կ՚ըսեմ։ Պէտք է նսեմանայ, խպնի այն մտայնութիւնը, որ կը յանդգնէր մեզի Անկախութեան քայլերգը սորվեցնել այդ ճեմիշներուն մէջ։ Ահաւասիկ այսօր, մեր զաւակներուն այս մրցումներուն մէջ ունեցած յաջողութիւնները տեսնելով թող գիտնան, թէ ո՛չ այդ օրերուն, ոչ ալ այսօր մենք տարրեր չենք, որոնց բռնութեամբ Անկախութեան քայլերգ պէտք է սորվեցնել ճեմիշներուն մէջ։

Թաղին խենթը

Թաղին խենթը Թաղին խենթը Հրանդ Տինք, «Ակօս», 27 Նոյեմբեր 1998   Չեմ գիտեր եթէ այսօր ալ այսպէս է, ժամանակին երբ Անատոլիա ըսէինք, բնակավայր մը չէինք կրնար մտաբերել, որուն ամէն մէկ թաղը իր խենթը չունենայ: Անատոլիայի մշակոյթին մէջ, ամէն քաղաք, ամէն գիւղ, գրեթէ ամէն թաղ անպայման խենթ մը կ’ունենայ: Ճիշդ մեր Մալաթիոյ «Խենթ Կաֆֆարին» պէս: Հին երկաթուղիի շուրջը տարածուած Չավուշօղլու եւ Սալքէօփրիւ թաղերուն ընդհանուր խենթն էր ան... Արհեստաւորներուն զուարճանքը... կիներուն անվնաս գլխացաւը... Գալով երեխաներուն, այսպէս ըսեմ... Լաւին ընկերը, վատին հրէշն էր Կաֆֆար... քարկոծողին կը քարկոծէր, խաղացողին հետ կ’ընկերանար: *** Այսօր, միջին եւ հին սերունդ Մալաթիացիներուն, «ինչպէ՞ս կը ճանչնաք Կաֆֆարը» երբ հարցնէք, վստահ եմ բոլորն ալ, նոյն սիրալիր կարօտով կը յիշեն զինք: Նախ եւ առաջ անշուշտ Կաֆֆարի այդ «ամէն ինչը մէջտեղը» վիճակը: «Արհեստաւորներուն զուարճանքն էր» երբ ըսի, պարապ տեղ չըրի այս խօսքը: Նայեցէ՛ք ինչպէս այն ժամանակի արհեստաւորը, կարծես հնարամտութիւն ընէ, ինչպէս լորձնաշուրթն կը պատմէ Կաֆֆարի մասին՝ «Խեղճին նախ կ’առնէինք, լաւ մը կը հագցնէինք: Երբ հագուէր շքուէր, անանկ մը հալելով կը նայէր որ ինքն իրեն: Պարապի չէինք հագցնէր բայց... Մեր բուն նպատակը իրեն պատռել տալն էր իր հագուստները: Մեր «ծօ՛ Կաֆֆար այս հագուածդ մեռածի ապրանք է» ըսելով կը սկսէր վրան գլուխը պատռել... Մէջտեղը մօրմէն նոր ծնածին պէս կը մնար այդպէս... Մենք կը հագուեցնէինք կը ղրկէինք դրացիին, ան պատռել կու տար, դրացին կը հագուեցնէր կը ղրկէր, մենք կը պատռեցնէինք: Այսպէս կը զբաղէինք: Բայց Խենթ Կաֆֆարն է այս... Խօսք կը հասկնա՞յ, անունը վրան է... Խենթ է... Երբ մերկ մնար, չէր կենար տեղը... Այս անգամ կ’երթար թաղի աղջիկներուն, կիներուն կ’երեւէր: Կիները կը քարկոծէին, կը հալածէին, «Տէ՛ գնա՛ տենքսիզ» ըսելով: *** «Հիմա այս Խենթ Կաֆֆարի պատմութիւնը ուրկէ՞ ելաւ», պիտի հարցնէք: Չէ՞ որ Ակօսը ամբողջացուց իր երկու տարին, ինչ գիտնամ, Խենթ Կաֆֆարը յիշեցի: Հիմա չէք կրնար ըսել, որ ըստ ոմանց, Ակօսը այս գաղութին խենթը չէ: Իրականութեան մէջ մենք մեր ամբողջ սրտով արդէն «թաղին խենթը» ածականը ընդունած ենք: Ասոր պարտաւորութիւններն ալ, մեր ձեռքէն եկածին չափով կը փորձենք տեղը բերել: Երկու տարի է, չե՞նք փորձեր «խելացի խենթը» խաղալ: Գէշով լաւով, որոշ բաներ չկրցա՞նք յաջողեցնել: *** Գիտեմ, հիմա նորէն պիտի հարցնէք, «Լա՛ւ, բայց Խենթ Կաֆֆարի խենթանալով վրան գլուխը պատռտելը Ակօսին հետ ի՞նչ կապ ունի»: Ակօսը, «անշարժ գաղութի մը շարժուն թերթը ըլլալ» կը յաջողի՞: Իրականութեան մէջ, մենք մեր կարգին գոհ ենք: Սակայն, յատկապէս մեզ այս օրերուն հասցնող գաղութը, ինքը, եթէ անշարժ է, եւ որոշ չափով մահացած, զանազան նիւթերու շուրջ մեր հարցադրումները, «Աման հա՛, մի՛ խառնշտկէք, մի՛ դպիք» ըսելով եթէ կոծկէ, իր մեռելի հագուստը կը փորձէ մեզ հագցնել, եթէ չէք «Կաֆֆարանար», ապա ի՞նչ կ’ընէք: *** Մենք մեր գաղութային համակարգը, կրթական կեանքէն մինչեւ մեր հաստատութիւններու միւս բոլոր ոլորտներու մեքենայական եւ շարժուն կառոյցները, հարցականի տակ դնելու եւ կանոնաւոր դառնալուն համար այնքան ատեն որ կ’աշխատինք, մեր առջեւ կառուցուած ցանկապատը, մեզ ներկայացուած մեռելի հագուստ ըլլալով կը բնութագրենք: Ոչ ո՛ք փորձէ հագցնել մեզ... Կը պատռտենք կը նետենք... Մեր անմեղ մերկութիւնն ալ մինչեւ վերջ կը պաշտպանենք: *** Ակօսը այսօրուան հասցնող, մեզ ոտքէն գլուխ ստեղծող գաղութին անզգայութեան դիմաց, չխենթանալ անկարելի է: Խենթութեան, խելացի խենթութեան յօժար ենք եւ արդէն այս է մեր ըրածը: Կը բաւէ, որ մեզ «չԿաֆֆարացնէք»:

Ակօսը ինչո՞ւ հիմնադրուած է

Դուք ի՞նչ կ՚ուզէիք գծել «Ակօս»ի սենեակի պատը։

Ակօսի նկարազարդիչներ

23 Ապրիլ 2019-ին, նախաբացման ընթացքին, Յովհաննէս Շաշքալը, Սարգիս Փաչաճըն եւ Քեմալ Կէօքհանը, տեղուոյն վրայ նկարազարդեցին Ակօսի պատերը։

Եթէ թերթ մը հիմնէիք, ի՞նչ կ՚ըլլար անունը։

Ակօս թերթի կայքէջը այցելելու համար հոս սեղմեցէք։

Փնտրում եմ հարազատիս

2013-ին տեղի ունեցած «Իսլամացած Հայերու մասին համաժողով»ին տեսերիզները կրնաք դիտել մեր կայքէջէն:

Ըստ ձեզի, ինչո՞ւ այսքան մեծ արձագանք ունեցաւ Աթաթիւրքին հոգեւոր դստեր՝ Սապիհա Կէօքչէնին Հայ ըլլալուն արտայայտուիլը «Ակօս» թերթին մէջ 2004ին:

Ի՞նչ է բուն պատճառըոր իմ վրաս կու գան

Կրնա՞նք պատմութիւնըվերապրողներուն վրայէն խօսիլ

Ազատիլ «թուրք»էն

Հայկական ինքնութեան մասին (7-8)Հայկական ինքնութեան մասին (7-8) Ազատիլ «թուրք»էն Հրանդ Տինք, «Ակօս», 30 Յունուար 2004   Հայկական ինքնութիւնը «թուրք»էն ազատ կացուցանելու երկու ճամբայ կայ, ըստ երեւոյթին։ Մէկը Թուրքիոյ (իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ)՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կարեկցանք ցոյց տալն ու վերջապէս այնպիսի հասկացողութիւն մը ներկայացնելը, որ արտայայտէ հայ ժողովուրդի ցաւերը բաժնելու զգացումը։ Նման քայլ մը թէեւ ոչ անմիջապէս, սակայն ժամանակի ընթացքին «թրքական» տարրը կրնայ հեռացնել հայկական ինքնութենէն։ Բայց այս հաւանականութեան իրականութեան վերածուիլը հաւանական չէ առայժմ։ Իսկ երկրորդ ճանապարհը նոյնինքն հայուն իր ինքնութենէն «թուրք»ի ազդեցութիւնը վտարելն է։ Առաջինի համեմատութեամբ այս երկրորդին իրականանալու հաւանականութիւնը աւելի շատ է, քանի որ իր կամքէն ու նախաձեռնութենէն կախեալ է։ Այս ճանապարհը նախընտրելու է։ *** Թէ ինչպէս հայ աշխարհը պիտի յաջողի ընելու ասիկա՝ ամբողջապէս կախեալ է ներկայ վիճակին նոր հասկացողութեամբ մը նայիլ կարենալուն։ Օրինակ, նայիլ 1915-ին... Հայ աշխարհը գիտէ իրեն պատահած պատմական ողբերգութիւնը եւ այս իրականութիւնը պիտի չփոխուի եթէ աշխարհ կամ Թուրքիա ընդունին կամ ոչ։ Անոնք չընդունին իսկ պատահածին անունը ի սկզբանէ քանդակուած է հայ ազգի խղճին վրայ։ Հետեւաբար, այս իրողութեան ճանաչումը Աշխարհէն կամ Թուրքիայէն պահանջելը չկրնար ըլլալ հայ աշխարհի միակ նպատակը։ Ժամանակը եկած է ու կ՚անցնի ալ ամէնքը իր խղճին հետ գլուխ գլխի թողելու։ *** Այս իրողութիւնը ընդունիլ կամ չընդունիլ իւրաքանչիւրի խղճի հարցն է, իսկ այս խղճին հիմքը ինքնին մարդկութիւն կոչուող մեր միասնութիւնն է -«մարդկային» ինքնութիւնը-։ Ուրեմն անոնք, որոնք կ՚ընդունին ճշմարտութիւնը, իրենց մարդկութիւնն է որ կը մաքրագործեն։ Սխալ մըն է, երբ հայ աշխարհը հայկական ինքնութեան առողջութիւնը կախեալ վիճակի մէջ կը դնէ ցեղասպանութիւնը ֆրանսացիի, գերմանացիի, ամերիկացիի եւ անպայման թուրքին ընդունիլ կամ չընդունելու պարագայէն։ Եկած է ժամանակը լքելու այս սխալը եւ «թուրք»ը մէկ կողմ նետելու հայկական ինքնութեան մէջ ունեցած ազդու դերէն։ Ալ կը բաւէ հայկական ինքնութեան ենթարկուած այսքան նեղութիւնը. զայն այսուհետեւ պէտք է ձգել մարդկութիւն կոչուող աշխարհին։ *** Հայ աշխարհը, որ իր ինքնութեան կայունութիւնը «թուրք»ի ժխտական ու անկապ գոյութեան առնչած է, իր հասարակաց գործունէութիւնը կը տրամադրէ «թուրք»ին ճնշելու եւ ցեղասպանութիւնը անոր ընդունիլ տալու, ինչ որ ինքնութեան զարթնումը յետաձգող ժամանակի հսկայ կորուստ մըն է։ Հայ աշխարհը այսուհետեւ իր ինքնութիւնը այնպիսի հասկացութիւններով պէտք է զարդարէ, որ անոնք ունենան այս ազգի արտադրելու բթացած տաղանդը վերստին հրահրելու ուժգնութիւնը։ Ահա այս պատճառով, հայկական ինքնութեան վրայ իշխող հիմնական հասկացութիւնը պէտք է ըլլայ հետեւեալ մօտեցումը. «Շալկել ինքն իր ցաւը եւ ի հարկին զայն արժանապատուութեամբ տանիլ մինչեւ Վերջին դատաստանը»։ Այլապէս, հայ աշխարհը ինքզինք շղթայած պիտի ըլլայ ճշմարտութիւնը ընդունելու կամ չընդունելու այլոց ողորմածութեան, ինչ որ... Իրաւ գերութիւնն իսկ է։ *** Կը խաբուին անոնք, որոնք կը մտածեն, թէ հայ աշխարհը երբ ինքզինք ձերբազատէ «թուրք»էն՝ դատարկութիւն մը պիտի ունենայ իր ինքնութեան մէջ եւ մանաւանդ պիտի արագանայ սփիւռքահայերու ձուլումը։ Հայկական ինքնութեան մէջ խնդրոյ առարկայ է շատ աւելի կենսական պարագայ մը, որ պիտի լեցնէ հայկական ինքնութեան մէջ «թուրք»ի բացակայութենէն յառաջացուցած դատարկութիւնը. անկախ Հայաստանի գոյութիւնը։ Այս նոր խանդավառութիւնը, որ գոյութիւն չունէր տասնհինգ տարի առաջ, այլեւս թեկնածու է մեծ դեր մը խաղալու հայկական ինքնութեան վրայ, ամէն տեսակ ազդեցութենէ ու ազդակէ աւելի։ Հայ աշխարհի ապագան՝ այս փոքր երկրի ապագայ անդորրութեան ու անոր բնակիչներու երջանկութեան առնչելը միաժամանակ պիտի ըլլայ մէկ նշանը ազատելու այն ցաւերէն, որոնք կ՚անհանգստացնեն իր ինքնութիւնը։ *** Հայու ինքնութեան «թուրք»էն ձերբազատուելու ճանապարհը յստակ է։ Չզբաղիլ «թուրք»ին հետ... Ա՛լ պատրաստ է այն դաշտը, ուր հայու ինքնութիւնը պիտի փնտռէ նոր նախադասութիւններ. ա՛լ զբաղիլ Հայաստանով։   Ծանօթանալ Հայաստանին Հրանդ Տինք, «Ակօս», 13 Փետրուար 2004   Մաքուր արիւնը, որ պիտի փոխարինէ «թուրք»էն հոսելիք թունաւոր արիւնը, ներկայ է հայուն Հայաստանի հետ ստեղծելիք ազնուական երակին մէջ։ 1 Միայն թէ անդրադառնայ այդ ներկայութիւնը։ Այս անդրադարձումի բուն պատասխանատուն ի սփիւռս տարածուած հայութենէ աւելի Հայաստանի վարիչներն են։ Հայաստանի կառավարութիւնները պէտք է գիտակցին իրենց պատասխանատուութեան եւ պատշաճը պէտք է կատարեն։ *** Մինչդեռ նկատելի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնները տակաւին ըստ բաւականի չեն գիտակցիր այս պատասխանատուութեան, երբ դիտենք 12 տարուան անկախութեան շրջանին Սփիւռքի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները։ Բացի քանի մը փառաւոր «համահայկական հանդիպում»է, «Սփիւռք-Հայաստան» գործնական հանդիպումի միջոցներ իսկ ստեղծուած չեն։ Հայաստանի Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները ծանրաքայլ ընթացած են երբեմն Սփիւռքի, երբեմն ալ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, եւ չէ հաստատութենականացած մնայուն եւ հայաստանակեդրոն ձեւով մը։ *** Մինչդեռ Հայաստան շատոնց հիմնած պէտք է ըլլար հզօր եւ յատուկ Սփիւռքի նախարարութիւն մը, որու միջոցով իր գլխաւոր մտահոգութեան առարկան կրնար դարձնել, թէ ինչպէս կարելի է ողջագուրել մինչեւ աշխարհի ամենահեռաւոր ծագերը սփռուած կամ սփռուելիք իւրաքանչիւր հայ անհատը։ Ապա ըստ այդ մտահոգութեան կարելի էր շարժիլ եւ ըստ այդմ նախագիծեր զարգացնել։ Ըստ երեւոյթին մեծ թերի մըն է։ Հայաստան իր անտարբերութեամբ չ՚անդրադառնար մայր արմատ մը ըլլալուն, որպէսզի զայն զգացնել տայ նաեւ սփիւռքահայերուն։ Ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը անշուշտ արժանի է, սակայն Հայաստանի վարիչները տակաւին արժանի չեն Սփիւռքին։ *** Անվիճելի ու բաւական մեծ է այն դերը, որ սփիւռքահայու ինքնութեան եւ ինքնութեան նոր նախադասութիւններու ստեղծումին վրայ պիտի խաղայ այն յարաբերութիւնը, զոր Հայաստան ուղղակի պիտի ստեղծէ սփիւռքահայ անհատին հետ։ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն, ընկերային կամ մշակութային հաստատութիւններուն կամ այլ հաւաքական գործունէութեանց միակ նպատակն է հայկական ինքնութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն, պահպանել զայն եւ եթէ կարելի է՝ զարգացնել։ Միլիոնաւոր տոլար կը ծախսուի այս նպատակին համար։ Հուսկ ձեռք ձգուածը ինքնութիւն մըն է, որ կը բաւականանայ երբեմն եկեղեցի երթալով եւ լեզուով մը, որ կը գիտցուի, սակայն չի խօսուիր։ Մինչդեռ միւս կողմը կայ այնպիսի իրողութիւն մը, որ կեանքի կոչելը անխուսափելի է այլեւս։ Այսինքն՝ Հայաստանի սփիւռքահայուն հետ ստեղծելիք բարոյական երկխօսութիւնը ինքնին ամենաբնական դպրոցն է։ *** Այս դպրոցները չաւարտած, այս եկեղեցիները չյաճախած սփիւռքահայ երիտասարդի մը ինքնութեան համար բաւական իմաստալից է Հայաստան կոչուող բնական դպրոցին հետ ծանօթացումը։ Տասնամեակներու ընթացքին սփիւռքահայ երիտասարդին կրթութեամբ եւ եկեղեցւոյ միջոցով տրուող հայկական ինքնութեան եւ յիշեալ երիտասարդին անգամ մը Հայաստան այցելելով ստանալիք ինքնութեան միջեւ ի նպաստ երկրորդը միտող արմատականութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Ըսուածին ճշմարտութիւնը քննելը սուղ ըլլալու չէ։ Կարելի է 3-5 ղրուշ մէկ կողմ դնելով ապահովել, որ երիտասարդ մը տարեկան արձակուրդին 15 օրը անցընէ Հայաստանի փողոցներուն մէջ։ *** Պիտի տեսնուի, որ Հայաստան այցելած եւ նախապէս հայ ինքնութենէն հեռու այս երիտասարդին՝ 15-20 օրուան տեւողութեան ստացած ինքնութիւնը ինչպէս ներարկուած է իրեն երակէն։ Այդ պահէն սկսեալ անգամ մը եւս անկարելի է որ երիտասարդը մոռնայ իր ինքնութիւնը, աշխարհի որ ծագն ալ ապրի։ Այդ ինքնութիւնը երակէն պատուաստուած է իրեն... Ուրեմն, երիտասարդներու համար դէպի Հայաստան յատուկ ճանապարհորդութիւններ կազմակերպելը առաջնային գործողութիւն մըն է, որ ինքնութիւն կը պարգեւէ։ Այս աշխատանքները ամէն ուր պէտք է ըլլան տարեկան ժամանակացոյցներու սկիզբը։ *** Այն նախադասութիւնները, զորս հայկական ինքնութիւնը ուղղակի պիտի ստանայ Հայաստանէն, աննկարագրելի ըլլալու աստիճան հարուստ շահ մըն է։ Այս կացութիւնը կարելի է նմանցնել թաղարի մէջ աճող նուրբ բոյսի մը, որ կը ծանօթանայ իր հողին, ջուրին եւ արեւին։ Փորձելը ձրի է... Եւ յանձնարարելի բոլորին։   1 Հրանդ Տինք այս նախադասութեան պատճառով դատուեցաւ՝ ըստ 16 ապրիլ 2004 թուակիր ամբաստանագրի եւ Քրէական օրէնսգրքի 159/1 յօդուածի, «թրքութիւնը հրապարակաւ պատուազրկելու ու անարգելու» մեղադրանքով։ Դատական ատեանը 7 հոկտեմբեր 2005-ին վեցամսեայ ազատազրկման դատապարտեց զինքը, հակառակ փորձագէտներու ժխտական զեկոյցին։ Ըստ փորձագիտական զեկոյցի, որ պատրաստուած է Հրանդ Տինքի դատի նիւթ դարձած նախադասութիւնը պարունակող յօդուածաշարքը ամբողջապէս քննելէ ետք, կարելի չէ զայն գնահատել որպէս թրքութիւնը պատուազրկող ու անարգող արտայայտութիւն մը։ «Այն ինչ որ կ՚ուզէ ամբաստանեալը բացատրել ամբաստանութեան առարկայ դարձած արտայայտութեամբ, ակնյայտ կը դառնայ բոլոր յօդուածները իրերայաջորդ կարդալէ ետք։ Ըստ այս գրութեան, 1915-ին պատահած դէպքերը ցեղասպանութիւն են։ Այս պատահարները հայկական ինքնութեան վրայ լուրջ վնասներ յառաջացուցած են՝ թէ՛ իրենց գործադրութեամբ, թէ աւելի վերջ աշխարհի ցուցաբերած անտարբերութեան հետեւանքով։ Յետագային հայ գաղութը այս պատահարը օգտագործած է կայուն մնալու համար եւ ժամանակով յամառութեան մը վերածուած է անոնց ճշմարտութիւնը ու զայն աշխարհին ընդունելի դարձնելը։ Այս յամառութիւնը, այսինքն ցեղասպանութիւնը եւ զայն ճանաչելի դարձնելու նիւթը դարձած է հայկական ինքնութեան բուն բաղադրեալը։ Այս պարագան կը վնասէ հայկական ինքնութեան եւ կը սպառէ հայկական ինքնութիւնը, անառողջ հոգեվիճակի մը ցուցիչն է։ Հայերու հոգեկան աշխարհէն ներս, իրենց ազգային ինքնութեան մէջ թրքական տարրը, այս իմաստով -1915-ին պատահածներու առումով- յառաջ կը բերեն լուրջ ազդեցութիւններ, որոնցմէ պէտք է ձերբազատին հայերը՝ ստեղծելու համար առողջ ինքնութիւն մը։ Այս ձերբազատումը կարելի պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ թուրքերը, որպէս պետութիւն եւ հասարակութիւն, արտայայտեն իրենց ցաւակցութիւնը, որու իրականացումը դժուար է։ Որպէս երկրորդ միջոց՝ հայերը իրենց ինքնութենէն պէտք է վտարեն յիշեալ ազդեցութիւնը։ Այս միջոցը թէ՛ աւելի դիւրին է եւ թէ՛ ճիշդ է։ Հայերը գիտեն 1915-ին պատահածներուն ճշմարտացիութիւնը։ Թուրքիոյ կամ աշխարհի զանոնք ընդունիլ կամ չընդունիլը ոչինչ կրնայ փոխել։ Հետեւաբար հայերուն առաջին նպատակը պէտք չէ ըլլայ պատահածները Թուրքիոյ կամ աշխարհին ընդունելի դարձնելը։ Այս մօտեցումը սխալ է եւ պէտք է հրաժարիլ ատկէ։ Այս իմաստով հայկական ինքնութեան կազմութիւնը պէտք չէ կախեալ ըլլայ թուրքէն։ Բաց աստի, ինքնութեան կազմաւորման տեսակէտէ ժամանակի կորուստ մըն է, երբ հայերը իրենց ողջ աշխատանքը կը կեդրոնացնեն «թուրքը» ճնշելու եւ ցեղասպանութիւնը ընդունելի դարձնելու վրայ։ Այս իմաստով հայկական աշխարհը ինքզինք պէտք է ձերբազատէ «թուրք»էն։ Երբ ասիկա պատահի՝ հայկական ինքնութեան մէջ որեւէ խնդիր պիտի չյառաջացնէ այն բացը, որ պիտի յառաջանայ թուրքէն ետք։ Որովհետեւ այս բացը պէտք է լրանայ Հայաստանի պետութեան հանդէպ ցուցաբերելի հետաքրքրութեամբ եւ պետութեան համար կատարելի աշխատանքով։ (...)   Թունաւոր արիւն նկատուած պարագան ո՛չ թէ թրքութիւնը կամ թուրքերն են, այլ հայկական ինքնութեան մէջ տեղ գտած, ըստ ամբաստանեալի, սխալ հասկացողութիւնը։ Երբ այս բոլոր բացատրութիւնները միասնաբար նկատի առնուին, ամբաստանեալին արտայայտութիւնները անկարելի է բնութագրել որպէս թրքութիւնը պատուազրկել կամ անարգել, 159-րդ յօդուածի տրամադրութեանց համաձայն։ Նախ, այս արտայայտութիւնները ուղղուած չեն թուրքերուն կամ թրքական ինքնութեան։ Ընդհակառակը, ուղղուած են թրքութեան այն ընկալումին ու հասկացողութեան, զոր ստեղծած է հայ հասարակութիւնը։ Երկրորդ՝ յայտարարութիւններուն մէջ անարգանքի, վիրաւորանքի, արհամարհանքի, տկարացնելու իմաստով որեւէ խօսք գոյութիւն չունի»։  

«Անցագիրը գրպանս է ա՛լ»

Երկու Մօտ Ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեւան

«Ահա՛ այսպէս է իմ կեցած տեղի հիմնակէտերը։ Ես երկու ինքնութիւն ունիմ եւ կը գիտակցիմ երկուքին ալ։ Առաջինը՝ Թուրքիացի եմ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայրենակիցն եմ։ Երկրորդը՝ Հայ եմ։ Բացի այն, որքան ալ մէկ մասնիկն եմ Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան, միաժամանակ զգացական մէկ տարրն եմ Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ Հայկական սփիւռքի, ցեղակից եմ այդ մարդոց հետ։ Բոլոր այս պատճառներով հանդերձ՝ եթէ մէկը, նոյնիսկ միայն մէկ բանի համար պիտի փափաքի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը, ես իրմէ նուազագոյն երկու անգամ աւելին պատճառ ունիմ այդ ցանկալու»։  

«Երկու Մօտ Ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեվան»

Ջուրը գտաւ իր ճեղքը

Կ՚ուզէ՞ք բաժնել խտրականութեան ենթարկուած ձեր մէկ փորձառութիւնը։

Աղաւնիի մտահոգութիւն

Հրանդ Տինք իր սպանութեան նախորդող երեք տարուան ընթացքին կազմակերպեալ ու համակարգուած արշաւով մը վերածուած է թիրախի եւ մեկուսացուած է։ Պիտակաւորուած է որպէս «թուրքի թշնամի», սպառնալիքներ ստացած, իր դէմ յաջորդաբար դատեր բացուած։ Սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին։ «Ազգային համաձայնութեան» ոճիր մըն էր։  

Խոհանոցը

Խոհանոցը կարեւոր հաւաքոյթի անուակեդրոն էր երբ դեռ Ակօսի գրասենեակին մաս կը կազմեր։ Այսօր, դեռ կիրառութիւն ունի 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրի համար։ Կրնաք հոս հանգստանալ եւ թէյ մը խմել ձեր այցելութեան ատեն։   

Կ'ուզէ՞ք գրել ձեր արդարութեան պատգամը:

Ի՞նչ պատահած է 19 յունուար 2007-ին

19 Յունուարի յիշատակութեան մասնակցած էք։ Ինչո՞ւ։

Հունվարի 19-ի հիշատակի հարցազրույցներ։

Բոլորս Հրանդ ենքԲոլորս Հայ ենք

Ո՞վ սպանեց

Ո՞վ սպանեց

Ոճրի մեղադրեալներուն միջեւ հեռախօսազրոյց

HDV Հրատարակչութեան գիրքերը  կրնաք տեսնել մեր կայքէջին մէջ։

«Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» սահմանումը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար։

Դեսպանատուն Հիմնելու Նախագիծ

Andreas Knitz: Art as an Ambassador

Ի՞նչ պատգամ կ'ուզէք ձգել այցելուներու ցուցատախտակին վրայ:

Ակօսի Մատնային Արխիւը

Ներբեռնեցեք ՔարՏես բազմամշակութային յիշատակի ուղեցոյցը ձեր հեռաձայնին մէջ։

«23,5 Ապրիլ»

Քաղաքականութիւն հրապարակ

23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր

Հրանդ Տինք կենսագրութիւն

Ո՞վ է Հրանտ Դինքը

Առաջին գրութիւններ «Մարմարա» թերթին մէջ

During the 1990s, under the pseudonym ‘Çutak’ (meaning violin in Armenian), Hrant Dink wrote reviews in Marmara — a daily Armenian newspaper that had been published in Istanbul since 1940 — about books in Turkish that focused on Armenian history

Etichetă nouă

Ես թո՞ւրք եմ

Քամփ Արմէն

 Հրանդ Տինք եւ կինը՝ Ռաքէլ, 1980-ականներուն ստանձնած են իրենց իսկ սնած ու հասակ առած Թուզլայի մանուկներու ճամբարի ղեկավարութիւնը՝ տէր կանգնելով բազմաթիւ անօգնական հայ մանուկի։ «Հայ ահաբեկիչներ պատրաստելու» ամբաստանութեամբ պետութիւնը Քամփ Արմէնը գրաւած է, որմէ ետք Հրանդ Տինք իր քաղաքական հայեացքներուն պատճառով երեք անգամ բերման ենթարկուած ու բանտարկուած է։  

Ֆըրաթ Տինք

Հրանդ Տինք 12 մարտ 1971-ի յեղաշրջումի շրջանին կը յարէր ձախակողմեան խմբակցութեան մը։ Մտահոգուելով որ ոմանք կրնան քաղաքական գործունէութիւնը առնչել իր հայկական ինքնութեան եւ հետեւաբար նաեւ վնաս հասցնել հայ հաւաքականութեան՝ դատարանի որոշմամբ անունը կը փոխէ Ֆըրաթի։ Մինչեւ 1996-ին «Ակօս»-ի մէջ գրել սկսիլը, Թուրքիոյ մէջ, գործի ասպարէզին վրայ խտրականութեան չհանդիպելու համար անուանափոխուած բազմաթիւ հայերու նման, գործածած է թրքերէն անունը։

Հոգեվիճակս

Ի յիշատակ 90-րդ տարելիցին (1)* Հոգեվիճակս Հրանդ Տինք, «ՊիրԿիւն», 1 Նոյեմբեր 2004   Թուրքիացի եմ... Հայ եմ... Մինչեւ ողնածուծս անատոլուցի եմ։ Օր մը իսկ չմտածեցի լքել երկիրս ու ապագաս կերտել Արեւմուտք կոչուող «պատրաստ ազատութեանց դրախտ»ին մէջ. չուզեցի տզրուկի պէս փակչիլ ժողովրդավար այն երկիրներուն, որոնք ստեղծուած են այլոց զոհաբերութիւններով։ Գլխաւոր հոգս եղաւ իմ երկիրս ալ նման ազատութեանց դրախտի մը վերածելը։ Լացի, երբ երկիրս կու լար Սըվազի համար։2 Կռուեցայ, երբ իմ ժողովուրդը կը կռուէր իր հրոսակներուն դէմ։ Սեփական ճակատագիրս հաւասարեցուցի իմ երկրի ազատութիւն ստեղծելու գործընթացին։ Ձրիաբար չտիրացայ այն իրաւունքներուն, զորս վայելեցի կամ չկրցայ վայելել. հատուցեցի ու դեռ կը հատուցեմ։ Բայց այլեւս... Ձանձրացայ ոմանց թէ՛ «մեր հայերը» շողոքորթութենէն, թէ «մեր դաւաճանները» գրգռութենէն։ Տաղտկացայ այն խտրականութենէն, որ մոռցնել կու տայ ինծի սովորական կամ հասարակ քաղաքացի մը ըլլալս, ինչպէս նաեւ զիս խեղդել փորձող գիրկընդխառնումներէ։ *** Ո՛չ Ապրիլ 24-երուն կրցայ քալել, ո՛չ ալ յուշարձաններ կրցայ կանգնեցնել ի յիշատակ իմ նախնեաց։ Սակայն ոչ զիրենք թողեցի այդ օրերուն, ոչ ալ քարացուցի այս օրերուն։ «Զանոնք իմ կեանքիս մէջ ապրիլը» շալկեցի... Շալկեցի՝ ապրեցնելով, ինչքան որ ուժս բաւեց։ Առանց նահանջի պայքարեցայ բոլոր անոնց դէմ, որոնք յանդգնեցան կանգնեցնել զիս։ Անշուշտ գիտեմ, թէ ինչ պատահած է իմ նախահայրերուս։ Ոմանք զայն «սպանդ», ոմանք «ցեղասպանութիւն», ոմանք «տեղահանութիւն», ոմանք ալ «ողբերգութիւն» կը կոչեն։ Նախահայրերս «կոտորած» կը կոչէին, Անատոլուի լեզուով։ Իսկ ես «փլուզում» կը կոչեմ։ Եւ գիտեմ, որ եթէ չպատահէին այս փլուզումները՝ իմ երկիրը պիտի ըլլար շատ աւելի բնակելի, նախանձելի։ Ահա այս է պատճառը իմ անէծքի՝ բոլոր անոնց դէմ, որոնք պատճառ ու միջնորդ եղան այդ փլուզման։ Բայց անէծքս անցեալին է։ Անշուշտ կ՚ուզեմ գիտնալ ամէն ինչ, որ պատահած է անցեալին, սակայն այդ ատելութիւնը, որքա՜ն խայտառակ բան մըն է... Զայն կը ձգեմ պատմութեան իր մթին քարայրին մէջ ու կ՚ըսեմ. «Թող մնայ հոն ուր որ է, չեմ ուզեր ճանչնալ զայն»։ *** Արժանապատուութիւնս կը վիրաւորուի, երբ անցեալի պատմութիւնս կամ ներկայի խնդիրներս դրամագլուխի վերածուին Եւրոպայի, Ամերիկայի մէջ։ Հալածանք մը, բռնաբարում մը կը նկատեմ այս համբոյրներու ետին։ Ա՛լ չեմ ընդունիր վարնոց իրաւարարութիւնը կայսերապաշտութեան, որ կը փորձէ իմ ապագան խեղդել իմ անցեալիս մէջ։ Այդ իրաւարարները նոյնինքն անցեալ դարերու բռնապետներն են, որոնք իրարու դէմ կը հանէին գերի սուսերամարտիկները, մեծ ախորժակով կը դիտէին անոնց կռիւը եւ վերջապէս իրենց բթամատով նշան կ՚ընէին յաղթողին, որպէսզի մեռցնէ վիրաւորը։ Այս իսկ պատճառով, այս դարուս, չեմ ընդունիր խորհրդարանի մը կամ պետութեան մը իրաւարարի դերն ստանձնելը։ Ճշմարիտ իրաւարարը ժողովուրդներն ու անոնց խիղճն է։ Իսկ իմ խղճիս առջեւ ո՛չ մէկ պետական իշխանութեան խիղճ կրնայ հաւասարիլ ժողովուրդի մը խղճին։ *** Միակ փափաքս է, թուրքիացի իմ բարեկամներուս հետ, հասարակաց անցեալս կարելի եղածին չափ մանրամասն, ազատօրէն խօսիլ՝ առանց այդ պատմութենէն ատելութիւն քաղելու։ Սրտանց կը հաւատամ, որ օր մը թուրքերն ու հայերը պիտի կարենան այս մասին խօսիլ իրարու հետ։ Յատկապէս, անհամբեր եմ դիմաւորելու այն օրերը, երբ Թուրքիա եւ Հայաստան իրարու հետ ամէն ինչ հանգստօրէն պիտի կարենան խօսիլ ու ուղղել. եւ երբ անոնք կը խօսին՝ անկապ երրորդներուն դառնալով ես պիտի ըսեմ. «Ձեր բաժինն ալ կախման կէտն է այլեւս»։ *** Աշխարհի հայութիւնը կը պատրաստուի նշելու 1915-ի 90-ամեակը։ Թող ոգեկոչեն... Իրենց իրաւունքն է։ Վերի տողերն ալ իմ հոգեվիճակս ցոյց կու տան... Հրամմեցէ՛ք։  * 1915-ի 90-ամեակին առթիւ «90-ամեակի յօդուածներ» կամ «90-ամեակի յիշատակին» վերնագրով գրուած եւ 9 յօդուածէ բաղկացած այս շարքին առաջին յօդուածը 1 նոյեմբեր 2004-ին հրատարակուած է «Պիրկիւն»ի մէջ։ 2 Ակնարկութիւն՝ յուլիս 1993-ի Սեբաստիոյ կոտորածին, որու զոհ դարձան 35 հոգիներ։

Ունի՞ք ծանօթներ, որոնք իրենց ինքնութեան պատճառով չեն կրնար կամ կը վարանին գործածել իրենց անունները։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս ծնունդ առած է այս պարտադրութիւնը։

Դուք ինչի՞/ ինչերո՞ւ համար կը պայքարիք։

Ես Թուրքիոյ մէջ ինչո՞ւ համար կը պայքարիմ

Ակօսը ո՞ր կարիքին համար հիմնադրուած է

Թուրքիոյ հայ հաւաքականութիւն

«Ակօս»

Խոփին արտին վրայ բացած գիծը, հոն՝ ուրկէ ջուրը կը հոսի ու հունտը կը ծլի ու առատութիւն կը բխի… «Ակօս», որպէս թրքերէն ու հայերէն հրատարակուող առաջին լրագիր, հիմնադրուած է 1996-ին, Հրանդ Տինքի ու ընկերներուն կողմէ, որոնց առաջին նպատակն էր զօրակցիլ Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան այն հատուածին, որ չէր գիտեր իր մայրենին, Թուրքիոյ հայերուն հարցերը իրենց իսկ ձայնով արտայայտելով ապահովել հանրային կարծիքին նեցուկը եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը գիտակից դարձնել հայկական մշակոյթի ու պատմութեան մասին։  

Հոգեվիճակիս աղաւնական խռովքը

Հոգեվիճակիս աղաւնական խռովքըՀոգեվիճակիս աղաւնական խռովքը Հրանդ Տինք, 19 Յունվար 2007, Ակոս   Չանհանգստացայ, երբ Շիշլիի հանրապետական դատախազութիւնը անձիս մասին հարցաքննութեան ձեռնարկեց «թրքութիւնը անարգելու» մեղադրանքով։ Առաջինը չէր։ Նման դատի մը արդէն ծանօթ էի Ուրֆայէն։ 2002-ին Ուրֆա կայացած խորհրդաժողովի մը ըսած էի, թէ «թուրք չեմ, թուրքիացի եւ հայ եմ», եւ այս պատճառով կը դատուէի երեք տարիէ ի վեր «թրքութիւնը անարգելու» մեղադրանքով։ Դատական նիստերու ընթացքէն իսկ տեղեակ չէի։ Չէի հետաքրքրուեր։ Ուրֆայէն փաստաբան բարեկամներ նիստերը կը վարէին իմ բացակայութեանս։ Բաւական անտարբեր էի, երբ Շիշլիի դատախազին գացի ցուցմունք տալու։ Վերջապէս կը վստահէի իմ գրութեան եւ նպատակիս։ Դատախազը, երբ ո՛չ միայն ինքնին անհասկնալի այդ նախադասութիւնը, այլ ամբողջ յօդուածը երբ քննէր, դիւրութեամբ պիտի հասկնար, որ «թրքութիւնը անարգելու» նման նպատակ մը չունիմ, եւ պիտի վերջանար այս կատակերգութիւնը։  Վստահ էի, որ հարցաքննութեան աւարտին դատ պիտի չյարուցուի։   Կը վստահէի ես ինծի   Ո՜վ զարմանք... Դատը բացուած էր։ Լաւատեսութիւնս չկորսնցուցի։ Այնքան որ, հեռատեսիլի հաղորդումի մը ժամանակ, որուն մասնակցած էի հեռաձայնով, զիս ամբաստանող փաստաբան Քերինչսիզին ըսի, թէ «թող չյուսադրուի, այս դատավարութեան աւարտին պատիժ մը պիտի չկրեմ, եւ եթէ պատժուիմ՝ պիտի լքեմ երկիրը»։  Ինքնավստահ էի. իրապէ՛ս, գրութեանս մէջ թրքութիւնը անարգելու նման նպատակ կամ դիտաւորութիւն մը երբեք ու երբեք- չունէի։ Անոնք, որոնք կարդային յօդուածաշարքիս գրութիւնները, յստակօրէն պիտի հասկնային ասիկա։ Իսթանպուլի համալսարանէ երեք դասախօս, որոնք որպէս փորձագէտ նշանակուած էին, այս ուղղութամբ տեղեկագիր մը պատրաստած էին արդէն։ Պատճառ մը չկար մտահոգուելու. դատավարութեան այս կամ այն փուլին անպայման ետդարձ պիտի կատարուէր սխալէն։   «Համբերէ՛, հոգի՛ս, համբերէ»...   Սակայն ետդարձ չեղաւ։ Հակառակ փորձագիտական տեղեկագրին, դատախազը պատիժ պահանջեց։ Ապա, դատաւորը վեցամսեայ ազատազրկումի որոշում կայացուց։  Երբ դատապարտումի որոշումը լսեցի, ինքզինքս գտայ ցաւալի ճնշումին տակ յոյսերուս, զորս սնուցած էի դատավարութեան ողջ ընթացքին։ Զարմացած էի... Սրտաբեկութիւնս եւ ըմբոստացումս անսահման էր։ «Թող որոշումը հրապարակուի, անպարտ արձակուիմ, տեսէք այն ժամանակ ինչպէս պիտի զղջաք ձեր խօսածներուն, գրածներուն», ըսած ու դիմադրած էի օրերով, ամիսներով։ Իւրաքանչիւր դատական նիստի առթիւ, լրագրային նիւթերու, սիւնակներու մէջ, հեռատեսիլի հաղորդումներու ժամանակ կը նշուէր, թէ «թուրքին արիւնը թունաւոր է» ըսած եմ։ Ամէն անգամ քիչ մը եւս հանրայայտ կը դարձուէի որպէս «թուրքի թշնամի»։ Դատարանի միջանցքներուն, ֆաշիսթները վրաս կը յարձակէին, ցեղապաշտ հայհոյանքներով։ Պաստառներով անարգանքներ կը տեղացնէին։ Ամէն անգամուն քիչ մը եւս կը բազմանային արդէն հարիւրներու հասած ու ամիսներէ ի վեր շարունակուող սպառնալիքները՝ տեղացող հեռաձայնով, ի-մակով, նամակով։ «Համբերէ՛, հոգի՛ս», կ՚ըսէի այս բոլորին դիմաց ու կը դիմանայի՝ անպարտ արձակումի որոշումին սպասելով։ Երբ որոշումը հրապարակուէր ճշմարտութիւնը երեւան պիտի գար եւ այս մարդիկ պիտի ամչնային իրենց ըրածներուն համար։   Անկեղծութիւնը՝ միակ զէնքս   Ահա որոշումը ելած էր եւ բոլոր յոյսերս ցնդած էին։ Այլեւս մարդու մը պատահելիք ամէնէն նեղացուցիչ դիրքին վրայ էի։ Դատաւորը որոշումը կայացուցած էր «յանուն թուրք ժողովուրդի» եւ իրաւական կերպով ամրագրուած էր «թրքութիւնը անարգելս»։ Կրնայի ամէն ինչի հանդուրժել, սակայն անկարելի էր այս մէկուն դիմանալս։ Ըստ իմ ըմբռնողութեան, ցեղապաշտութիւն է ազգային կամ կրօնական որեւէ տարբերութեան պատճառով մէկու մը իր բնակակիցները անարգելը եւ ասիկա աններելի էր։ Ահա այս հոգեվիճակի մէջ էի, երբ հետեւեալ յայտարարութիւնները կը կատարէի դրանս առջեւ սպասող մամուլէ բարեկամներուս, որոնք կ՚ուզէին յստակեցնել, թէ «ըստ նախնական յայտարարութեանս, արդեօք պիտի լքէի՞ երկիրը». «Պիտի դիմեմ փաստաբաններուս։ Պիտի դիմեմ Վճռաբեկ ատեան եւ ի հարկին՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեան։ Եթէ այս գործընթացներու որեւէ մէկուն չարդարանամ՝ պիտի լքեմ իմ երկիրը։ Քանի որ, ըստ իս, նման յանցանքով մը դատապարտուած մէկը իրաւունք չունի բնակելու այն քաղաքացիներուն հետ, զորս անարգած է»։ Ինչպէս միշտ, այս խօսքերը արտասանած պահուն ալ դիւրայոյզ էի։ Անկեղծութիւնն էր միակ զէնքս։   Սեւ երգիծանք   Բայց եկէք ու տեսէք, որ զիս Թուրքիոյ մարդերուն առջեւ մեկուսացնել ու բաց թիրախի մը վերածել փորձող ընդյատակեայ ուժը պատրուակ մը եւս յարմարցուց իմ յայտարարութեան եւ դատ բացաւ դատական իշխանութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնել ուզելու յանցանքով։ Աւելին, այս յայտարարութիւնը հրապարակած էին բոլոր լրատուական միջոցները, սակայն «Ակօս»ի հրապարակումը դարձաւ անոնց աչքին փուշը։ «Ակօս»ի պատասխանատուները եւ ես սկսանք դատուիլ դատական իշխանութեան ազդելու պատճառով։ Երեւի ասիկա է «սեւ երգիծանք» կոչուածը։ Ես ամբաստանեալն եմ. ո՞վ կրնայ դատական իշխանութեան ազդելու իրաւունք ունենալ, եթէ ոչ ամբաստանեալը։ Բայց տեսէ՛ք սա զաւեշտը. Ամբաստանեալը կը դատուի դատական իշխանութեան ազդելու փորձով։   «Յանուն թրքական պետութեան»   Պէտք է խոստովանիմ, որ ամբողջովին կորսնցուցած եմ Թուրքիոյ «արդարադատութեան համակարգին» եւ «իրաւագիտութիւն» հասկացութեան նկատմամբ վստահութիւնս։ Ինչպէ՞ս չկորսնցնէի։ Բոլոր այս դատախազները, այս դատաւորները համալսարանաւարտ, իրաւագիտութեան ֆաքիւլթէներ աւարտած մարդիկ չե՞ն։ Պէտք չէ՞ ունենային իրենց կարդացածը հասկնալու ունակութիւնը։ Բայց եկէք ու տեսէք, որ այս երկրին դատական իշխանութիւնը անկախ չէ, ինչպէս առանց երկմտելու կը յայտարարեն պետական ու քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ։ Դատական իշխանութիւնը կը պաշտպանէ ո՛չ թէ քաղաքացիի, այլ պետութեան իրաւունքը։ Դատական իշխանութիւնը ո՛չ թէ քաղաքացիի կողքին է, այլ կը գործէ պետութեան դրդումով։ Լրիւ վստահ էի, որ իմ մասիս տրուած որոշման մէջ թէեւ «յանուն թուրք ազգի» գրուած էր, սակայն յստակ էր, թէ առնուած որոշումը ո՛չ թէ «յանուն թուրք ազգի» էր, այլ «յանուն թրքական պետութեան»։ Ուրեմն, փաստաբաններս պիտի դիմէին Վճռաբեկ ատեան, սակայն ինչպէ՞ս կրնայինք ապահով ըլլալ, թէ չափուսահմանս ինծի սորվեցնել որոշած ընդյատակեայ ուժերը այն տեղ եւս պիտի չբանեցնէին իրենց ազդեցութիւնը։ Եւ յետոյ, Վճռաբեկ ատեանի որոշումները մի՞շտ ճիշդ էին։ Վճռաբեկ ատեանի կողմէ ստորագրուած չէի՞ն այն անիրաւ որոշումները, որոնք փոքրամասնական հաստատութիւններու ձեռքէն խլած էին անոնց կալուածները։   Հակառակ Աւագ դատախազի ջանքերուն   Ուստի դիմեցինք. Բայց ի՞նչ տարբերութիւն։ Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած էր փորձագէտներու տեղեկագրին մէջ, յայտարարեց, թէ պատժելի ոչ մէկ տուեալ կայ եւ պահանջեց իմ անպարտ արձակումս, բայց Վճռաբեկը հակառակ այս յայտարարութեան՝ զիս յանցաւոր հռչակեց: Ինչքան որ ե՛ս վստահ էի իմ գրածէս, նոյնպէս Վճռաբեկ ատեանի դատախա՛զն էր վստահ իր կարդացածէն ու հասկցածէն, եւ որոշումը բողոքարկեց ու դիմեց Ընդհանուր խորհուրդին։ Բայց, ի՞նչ ըսեմ. այդ մեծ ուժը, որ վճռած էր չափուսահմանս յայտնել ինծի, եւ դատավարութեանս իւրաքանչիւր փուլին ինծի համար անիմանալի միջոցներով զգալի կը դարձնէր իր ներկայութիւնը, ահաւասիկ դարձեալ վարագոյրի ետեւն էր: Արդարեւ, Ընդհանուր խորհուրդն ալ քուէներու մեծամասնութեամբ յայտարարեց, թէ անարգած եմ թրքութիւնը:   Աղաւնիի նման   Բացայայտ է, որ անոնք, որոնք ջանք չեն խնայեր զիս մեկուսացնելու, տկարացնելու եւ անպաշտպան դարձնելու, իրենց տեսանկիւնէն, հասան իրենց նպատակին: Այժմէն իսկ, հանրութեան իրենց ներարկած կեղտոտ եւ սխալ տեղեկութիւններուն ազդեցութեամբ՝ ստեղծած են ոչարհամարհելի թուաքանակով կարեւոր խաւ մը, որ Հրանդ Տինքը կը նկատէ «թրքութիւնը անարգող» անձ մը։ Համակարգիչիս ընթացիկ էջերն ու յիշողութիւնը բեռնուած է նման քաղաքացիներու ղրկած բարկութեան եւ սպառնալիքի տողերով: Այդ նամակներէն մէկը, որ թղթատարին յանձնուած էր Պուրսայէն, անմիջական վտանգ ներկայացնելուն՝ մտահոգեց զիս եւ հակառակ անմիջապէս Շիշլիի դատախազութեան յանձնելուս, մինչեւ օրս որեւէ արդիւնք չեմ ստացած: Քանի տեղն է՝ ուզեցի նշել։ Այս սպառնալիքները որքանո՞վ ճշմարիտ են, որքանո՞վ չեն։ Բնականաբար անկարելի է որ գիտնամ: Ինծի համար բուն սպառնալիքը եւ անհանդուրժելին՝ հոգեկան այն տանջանքն է, զոր կ՚ապրիմ իմ մէջ: «Այս մարդիկը հիմա ի՞նչ կը մտածեն իմ մասին». հարցում, որ կը կրծէ ուղեղս: Դժբախտաբար, անցեալի համեմատ աւելի հանրածանօթ դարձած եմ այլեւս կը զգամ, որ մարդիկ ակնարկ մը կը նետեն դէպի ինծի եւ կ՚ըսեն. “Աաա՜, տե՛ս, ասիկա այդ հայը չէ՞”: Եւ բնազդաբար կը սկսիմ ինքզինքս տանջելու: Այս տանջանքին մէկ երեսը հետաքրքրութիւնն է, միւսը՝ խռովքն է: Մէկ երեսը ուշադրութիւնն է, միւսը՝ երկչոտութիւնը: Կը նմանիմ ճի՛շդ աղաւնիի մը... Անոր չափ՝ աջ-ձախ, ետեւ-առջեւ աչք նետողի վիճակի մէջ եմ: Գլուխս անոր գլխուն չափ շարժուն է... եւ մէկ պահէն միւսը իսկոյն դարձնելու չափ ալ արագ:   Ահա՛, ձեզի գինը   Ի՞նչ կ՚ըսէր արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլ: Ի՞նչ կ՚ըսէր արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչեք: “301-ը այդքան ալ չափազանցելու չէ: Կա՞յ մէկը, որ դատապարտուած կամ բանտարկուած ըլլայ”: Կարծես՝ գին վճարելու համար անպայման բանտ պէտք է մտնել: Ահա՛ գինը... Ահա՛ գինը... Ո՜վ նախարարներ, արդեօք գիտէ՞ք, թէ ինչպիսի գին է մարդ արարածը աղաւնիի երկչոտութեան մէջ բանտարկելը: Գիտէ՞ք: Դուք բնաւ չէ՞ք դիտեր աղաւնիները:   «Մահուկենաց» ըսածնին   Դիւրին գործընթաց մը չէ, զոր կ՚ապրիմ... զոր կ՚ապրինք ընտանեօ՛ք: Եղան պահեր, երբ լրջօրէն մտածեցի նոյնիսկ երկիրը լքել: Յատկապէս, երբ սպառնալիքները սկսան մերձենալ հարազատներուս... Այդտեղ միշտ անճար էի: Այս ըլլալու է «մահուկենաց» ըսուածը: Կրնայի իմ սեփական կամքի դիմադրողն ըլլալ, բայց իրաւունք չունէի որեւէ հարազատիս կեանքը վտանգելու: Կրնայի իմ անձիս հերոսն ըլլալ, բայց ո՛չ միայն հարազատներս, նոյնիսկ որեւէ մէկը վտանգելով՝ քաջութիւն ընելու իրաւունք չունէի: Ահա, ճարահատ նման պահերուն՝ ընտանիքս, զաւակներս հաւաքեցի, անոնց ապաստանեցայ եւ ամենամեծ նեցուկը անոնցմէ ստացայ: Կը վստահէին: Ո՛ւր որ ես էի, անոնք ալ հո՛ն պիտի ըլլային: «Երթա՛նք» ըսեմ՝ պիտի գային, «մնանք» ըսեմ՝ պիտի մնային:   Մնալ եւ դիմադրել   Լաւ, բայց եթէ երթայինք՝ ո՞ւր պիտի երթայինք: Հայաստա՞ն: Ինծի նման մէկը, որ չի հանդուրժեր անարդարութիւններու, ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժէր այնտեղի անարդարութիւններուն: Արդեօք հոն աւելի մեծ փորձանքներ պիտի չբարդուէի՞ն գլխուս: Դէպի եւրոպական երկիրներ երթալը բնաւ չէր հրապուրեր զիս: Արդարեւ, մէկն եմ, որ երբ երեք օր Արեւմուտք երթայ, չորրորդ օրը նեղութենէ գալարելով՝ «ա՛լ թող վերջանայ, վերադառնամ» կ՚ըսէ եւ իր երկիրը կը կարօտնայ։ Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէի այդ կողմերը: Հանգիստ նստիլը զիս պիտի խանգարէր: «Եռացող դժոխք»ները լքելով՝ դէպի «պատրաստի դրախտներ» փախչիլը ամէն բանէ առաջ բնաւ յարիր չէր իմ նկարագրիս: Մենք այն մարդոցմէ էինք, որոնք հետամուտ են իրենց ապրած դժոխքը դրախտի վերածելու: Թուրքիա մնալն ու ապրիլը՝ թէ՛ մեր իսկական ցանկութիւնն էր, թէ՛ ալ այդպէս կը թելադրէր այն յարգանքը, զոր կը տածէինք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պայքար մղող, մեզի թիկունք կանգնող ծանօթ կամ անծանօթ հազարաւոր բարեկամներու նկատմամբ։ Պիտի մնայինք ու պիտի դիմադրէինք: Սակայն եթէ օր մը ստիպուինք մեկնելու... Ճամբայ պիտի ելլենք ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին... Մեր պապերուն նման... Առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚երթանք... Քալելով՝ անոնց քալած ճամբաներէն... Զգալով չարչարանքը, ապրելով տանջանքը... Ահա այսպէս դժգոհելով պիտի լքէինք մեր հայրենիքը: Եւ պիտի երթայինք դէպի հոն, ուր ո՛չ թէ մեր սիրտը, այլ մեր ոտքերը կը տանին... Ո՜ւր որ է...   Երկչոտ ու ազատ   Կը յուսամ չհարկադրուիլ ապրելու նման լքում մը: Նման բան չապրելու համար արդէն ունինք լի յոյսեր, լի պատճառներ: Հիմա այլեւս կը դիմեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան: Այս դատը քանի՞ տարի կը տեւէ, չեմ կրնար գիտնալ: Ինչ որ գիտեմ այն է, որ -եւ ատիկա քիչ մը կը հանգստացնէ զիս,- գոնէ առնուազն մինչեւ այդ դատին աւարտը պիտի շարունակեմ ապրիլ Թուրքիոյ մէջ: Եթէ ատեանը ի նպաստ ինծի վճիռ մը արձակէ՝ անկասկած շատ պիտի ուրախանամ եւ այդ ալ կը նշանակէ, որ այսուհետեւ երբեք պիտի չստիպուիմ լքելու երկիրս: Հաւանաբար 2007-ը ինծի համար ա՛լ աւելի դժուար տարի մը պիտի ըլլայ: Դատերը պիտի շարունակուին, նորերը պիտի սկսին: Ո՞վ գիտէ դեռ ինչպիսի՜ անիրաւութիւններու դէմ յանդիման պիտի մնամ: Բայց մինչ այս բոլորը պատահին՝ հետեւեալ իրողութիւնը պիտի համարիմ իմ միակ երաշխիքը: Այո՛, թերեւս ես զիս աղաւնիի խռովքի մը մէջ կը զգամ, բայց գիտեմ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ աղաւնիներուն չեն դպչիր: Աղաւնիները քաղաքին մինչե՜ւ խորքը, մարդկային բազմութիւններուն մէջ իսկ կը շարունակեն իրենց կեանքը: Ճիշդ է՝ քիչ մը երկչոտ, բայց նոյնքան ալ ազատ:    

Յակոբ Մնդճնւրի

1886, Երզնկա - 1978, Պոլիu  

Ադամեան եւ էրքելէդեան

Շուրջ 2. Համաշխարհային պատերազմ Նեվշեհիրhoushamadyan.org  

Քղփէն Խարբէրդ բալող Հայ այրի կին 1899

1899

Կոմիտաս Վարդապէտ

1869, Կուտինա - 1935, Վիլժուիֆ, Ֆրանսա

Ուիլիըմ Սարոյեան

1908 - 1981, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ

Քարին Քարաքաշլը

1972, Պոլիս

Մարտիրոս Սարեան

1880, Նոր Նախիջեւան (Տոնի Ռոստով) - 1972, Երեւան, Հայաստան

Etichetă nouă

Կոմիտաս Վարդապետ

Պերճ Ջալըքման

Արշիլ Կորքի

1902, Վան - 1948, Շերման, Քոնեթիքըթ, ԱՄՆ

Արամ Ծադուրեան

Արամ Ծադուրեան «հանգստանալ» (1983)

Նորայր Անտոնյան

Մեծովան տեսարան 1995

23-րդ Սաղմոս

Շմավոն Շմավոնյան

«Ճան Կիւլիւմ»՛ 1994

Հովհաննես Պատրիարք Կոլոտ

1715 - 1741 Պիթլիս Պատրիարք Հայոց Կոստանդնուպոլսոյ

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան

1961-1990 Եոզկատ Պատրիարք Հայոց Կոստանդնուպոլսոյ

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրյան

1951-1961 Տրապիզոն Պատրիարք Հայոց Կոստանդնուպոլսոյ

Ս. Յարութեան Սրբապատկեր

Այբուբեն

«ԱԿՕՍ»էն ամանորեան նուէր իր ընթերցողներուն

Հրանդ Տինքին սենեակին մէջ գտնուող ո՞ր իրը, լուսանկարը կամ պատկերը ամէնէն շատ գրաւեց ձեր ուշադրութիւնը։

: Եթէ Հրանդ Տինքին հետ զրոյց մը կատարէիք, իրեն ի՞նչ կը հարցնէիք

Սունկուր եղբայրս...

Սունկուր եղբայրս...* Հրանդ Տինք, «Ակօս», 5 Մարտ 2004   Յուսամ հիւանդութիւնդ մտահոգիչ վիճակի մը մէջ չէ։ Թէեւ փորձած ես տողերովդ զովացնել մեր սիրտերը, այնուամենայնիւ մտահոգուեցայ։ Յուսամ կարեւոր բան չկայ։ Գալով պատահածին... Քաղցկեղը ինչ որ է մեր մարմնին համար, ազգայնականութիւնն ալ այդ է մեր հանրային մարմնին մէջ։ Մին մարդը, միւսն ալ ահագին ազգ մը կրնայ կրծել ու ոչնչացնել։ Աւելին, եթէ հրապարակը կը պատկանի ծայրայեղ ազգայնականներուն, ա՛լ հիւանդութիւնը չի բուժուիր ու կ՚ընթանայ ցեղապաշտութենէ դէպի ֆաշականութիւն, դէպի հանրային քաղցկեղի բոլոր տեսակները։ Նման ազգայնականութեան կողքին՝ բուն քաղցկեղը թեթեւ իսկ է։ *** Հայկական հարցի նման դժուարին նիւթի մը շուրջ կը ջանամ նոր լուծումներ առաջարկել։ Այն գաղափարները, զորս իմ հայու եւ թուրքիացիի առաւելութեամբ զարգացուցած եմ, առհասարակ հաճելի չեն երկու կողմի ծայրայեղ ազգայնականներուն համար։ Տարօրինակն այն է, որ կողմի մը ուղղեալ խօսքը միւսը շատ անգամ կ՚ընկալէ իրեն ըսուածի պէս։ Ինչ որ փաստ մըն է, որ ցոյց կու տայ անոնց որքան իրարու նմանիլը։ Թուրք եւ հայ հանրութեանց ապագային վերստին կերտումը այնքա՜ն կենսական է, որ կարելի չէ թողել նմաններու։ *** Իրեն համար հաճելի չէ «Ակօս»ի եւ Հրանդ Տինքի յօդուածները, որովհետեւ իրենց ցարդ սորվածները տակնուվրայ կ՚ընէ։ Վարժուեր են իրարու խօսոյթին հակադարձ խօսոյթ արտադրելու, վարժուեր են ընկալեալ միջոցներով պաշտպանուիլ իրարու դէմ։ Վերջապէս սորվեր են սպիտակ կոչել այն, զոր միւսը սեւ կ՚անուանէ... Ու կ՚ապրին այսպէս։ Երբ մէկը ելլէ ու ըսէ, թէ կայ մոխրագոյն մը նաեւ՝ կը զարմանան։ Չեն գիտեր ի՛նչ ընել՝ գովե՞ն, թէ հայհոյեն։ Կը մոռնան ցարդ սորվածները։ Եւ քանի մոռնան՝ կռուազան կը դառնան։ *** Սիրելի Սունկուր, Երկու անգամ փորձեցին մարդկային արժանապատուութիւնս ոտնակոխել։ Առաջինը դահիճս էր, որ Սեպտեմբեր 12-ի շրջանին զիս գետին պառկեցուց եւ կրունկովը մատներս ճզմեց եւ ստիպեց որ երգեմ։ Հաւանաբար լսած էր բանտասենեակին մէջ յաճախ երգելս ու կը զուարճանար հետս։ «Գարուն է եկեր հայրենիքիս լեռներուն» երգը պոռացեր էի ցաւով։ Երբեք չեմ մոռցած այս պատահարը։ Իսկ երկրորդը հիմա է որ կը գրեմ։ Հաւատա՛, առաջինը կը յիշեցնէ։ Անոնք, որոնք կը յանդգնին զիս պիտակել որպէս «թուրքի թշնամի»՝ բառիս բուն իմաստով կը տանջեն զիս եւ ես կարծես «Գարուն է եկեր հայրենիքիս լեռներուն»ը ստիպուած կ՚երգեմ իրենց համար։ *** Մինչդեռ ի՜նչ գեղեցիկ երգ է, երբ սրտաբուխ եւ կամովին երգես։ Բանտարկութեան եւ մենութեան երգը... Մա՛նաւանդ մենութեան։ Մենութիւն երբ ըսի՝ յիշեցի... Ահա այս բոլորը «Ակօս»ը մեկուսացնելու, մինակ ու անճար ձգելու ռազմավարութիւն մըն է։ Չեն գիտեր սակայն, թէ մեզի նմանները ինչքան մեկուսանան՝ այնքան կը զօրանան, ինչքան մեկուսանան աւելի կը բազմանան։ *** Միայն դուն չէ, Սունկո՛ւր, ծանօթ-բարեկամներ ալ իրար անցեր են... Ողջ ըլլան, զօրակցութեան այցելութեան փութացին շաբթուան ընթացքին, հեռաձայնեցին, յօդուածներ գրեցին։ Կիներ կնոջս քով եկեր, կ՚աղօթեն։ Կ՚աղաչեն Աստուծոյ, որպէսզի զիս պաշտպանէ։ Յայտնի է որ մտահոգ են ինծի համար։ Իսկ ե՞ս։ Չեմ կրնար ըսել, թէ չեմ վախնար, Սունկուր... Չեմ կրնար ըսել, թէ չեմ վախնար... Բայց մի՛ մտատանջուիր իսկոյն, երկիրս ձգելու եւ փախչելու չեմ։ Վարժ եմ արդէն այսպէս ապրելու։ Ասկէ ետք քիչ մը եւս վախով կ՚ապրիմ... Ահա այսքա՛ն։   * Գրուած է ի պատասխան Սունկուր Սավրանի 5 մարտ 2004-ին «Ակօս»ի մէջ որպէս բաց նամակ հրատարակուած այն գրութեան, որ նեցուկ կը յայտնէր Հրանդ Տինքին։

«Աղ եւ լոյս»

Աղ եւ լոյսի տեղադրումը արուեստագէտ Սարգիսի կողմէ ծրագրուած է «23.5»ին համար։ Գործը, որ «ցաւերէն ադամանդ ստեղծելու» փոխաբերութիւնը հիմք կ՚ընդունի եւ առիթ կը ստեղծէ զգալու, խոկալու ու յիշելու, որպէս վայրին մնայուն մէկ բեկորը, իր տեղը գրաւած է Հրանդ Տինքի աշխատասենեակին ետին գտնուող պատշգամին մէջ։

Հրանդ Տինքի անձնական գրադարանը

Ֆերմանին կարողութիւնը

Ֆերմանին կարողութիւնը Հրանդ Տինք, «Ակօս», 5 Մայիս 1998   Պարոն Սերոբեան պզտիկ պատմութիւն մը ունի, զոր միշտ կը պատմէ: Տեղ մը կարդացեր է, բայց չի ալ յիշեր թէ ուր: Պատմութիւնը շատ պարզ է: Աքսորի ժամանակ երբ ֆերման տարածուած է՝ «պատրաստուեցէ՛ք, պիտի երթաք» ըսելով, անշուշտ ամէն մարդ մտահոգուած է. «Ի՞նչ պիտի ընենք, ի՞նչ պիտի տանինք»: Ծերունի գիւղացին կարծես այլ աշխարհ մը կը բնակի... Չի մտահոգուիր... Նստած ցորենը հարթէն զատող կալին կայծքարերը կը նորոգէ, զանոնք կը սրէ: «Եահու,- կ’ըսեն,- պիտի երթանք: Կալն ալ պիտի չտանիս եա: Այլեւս պէտք չունիս զբաղելու ասոր նորոգութեամբ»: «Եահու թող ըլլայ,- կ’ըսէ,- եթէ ճամբորդ ենք՝ ճամբո՛րդ ենք: Մենք ցանեցինք, մէկն ալ պիտի գայ՝ պիտի հնձէ հարկաւ... Հունձքը մէջտե՞ղը պիտի մնայ: Վստահ որ մէկը ցորենը հարթէն պիտի զատէ: Մարդը երբ գայ՝ կալը փչացա՞ծ գտնէ»։   ***   85 տարի առաջուան ծերունիին նմանը անցեալ օր «Միմար Սինան» համալսարանի մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին ի յայտ եկաւ: Պարոն Սամուէլ Քավաֆեան: Քավաֆեան ապարանքը, ուր ինք կը բնակի, համալսարանին կողմէ կ՚ուսումնասիրուի որպէս գիտական նիւթ: Այս առթիւ յուշատախտակ մը կը յանձնուի նաեւ Քավաֆեան ընտանիքին՝ տարիներ շարունակ պատմական ապարանքը պահպանելուն եւ անոր տէր կանգնելուն համար: Տարեց Քավաֆեանները զգացական պահեր կ’ապրին: Երերալով կը բարձրանան ամբիոն: Համալսարանին վերատեսուչը տարեց Քավաֆեաններուն զգացական խօսքեր կ’ըսէ. «Երբ ձեր տանիքը կաթկթի, մի՛ մտածէք, թէ տեղ չունիք կամ ինչ պիտի ընէք։ Այս համալսարանը այլեւս ձեր տունն է»: Յարմար պահու մը սպասած եւ ծերունի Քավաֆեան ընտանիքի ձեռքէն խլելով Վաքըֆներու ընդհ. տնօրէնութեան փոխանցած են այս պատմական ապարանքը, ուր որպէս վարձակալ կը բնակին հիմա Քավաֆեանները։ Սակայն կարծես թէ իրենց պատահած չըլլայ այս ամբողջը։ Պարոն Սամուէլ, իր ամէն անգամուան ազնուական կեցուածքով, ուսանողներուն ուղղեալ կարճ ելոյթ մը կ՚ունենայ։ «Շատ շնորհակալ եմ,- կ’ըսէ,- շատ շնորհակալ եմ, եւ ձեզի միշտ կը սպասեմ մեր տունը: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, թէ մեր նախնիները ինչեր շինած են, դուք ալ աւելի՛ լաւը շինեցէք»։   ***   Վախթանգ Անանեան սովետական ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ իր բնապահպանութեամբ հանրայայտ դարձած եւ իր գրականութիւնը բնութեան պահպանութեան նուիրած, մանուկներուն եւ չափահասներուն այս նիւթերով պատմուածքներ գրած անուն մըն է: Պատմուածքներէն մէկը՝ «Հունանի այգին», իրական պատմութիւն մըն է: Համաշխարհային Բ պատերազմին ճակատ գացած Հունան Աւետիսեանի՝ իր զաւկին՝ Հենզելին գրած նամակը այսօր առասպելի մը վերածուած է: Հունան այս նամակին մէջ այպէս ըսած է. «Այգիս ինչպէ՞ս է, աճա՞ծ է, եթէ պատերազմին մէջ մեռնիմ՝ կ’ուզեմ, որ այդ այգին եւ կեռասենիներու պարտէզս միշտ կանգուն պահես»։ Հունանը չէ վերադարձած: Հունանի այգին հետագային խնամած են Հունանի զաւակներէն եւ այլ երիտասարդներէ կազմուած սկաուտական խումբերը եւ յաջորդ սերունդները: Բնութեան պաշտպան Հունանի յուշարձանը նկատած են այդ ծառերը:   Ֆերման անունով ընկեր մը ունիմ: Ինձմէ բաւական տարիքով է: ՄարմարաԷրէյլիի մէջ ամարանոց մը ունի, ճիշդ ծովափին, պարտիզաւոր: Պարտէզը սակայն ծառ մը իսկ չունի: Ցաներ է լոլիկ եւ պղպեղ, եգիպտացորեն եւ արեւածաղիկ. հիւրերը ասոնցմով կը հիւրասիրէ: Անցեալ ամառ երեք օր ընտանեօք հիւր եղանք իր ամարանոցը: Ողջ մնայ, լաւ եգիպտացորեն եւ արեւածաղիկ ճաշակեցինք: «Եահու ինչո՞ւ ծառ մը իսկ չես տնկած», հարցուցի, բայց հազար անգամ զղջացի հարցնելուս: «Չեմ տնկեր, եղբա՛յր», ըսաւ եւ սկսաւ պատմել:   ***   «Մեր պապերը, սկսեալ Ադամ եւ Եւայէն մինչեւ 1938 թուականը, Պիթլիսի Մութքի գաւառի, Քերխօ գիւղի Քիթորօ թաղին մէջ 36 տուն էին: Այգիներ եւ պարտէզներ ունէինք: 1920 թուականէն մինչեւ 1938-ը, Շեյխ Սայիտի ապստամբութեան պատճառով, զինուորները մէկ կողմէն, ապստամբները միւս կողմէն մեր բնակատեղիները ռմբակոծեցին, աւազակութիւն ըրին որ հոն չմնանք: Խորհէ, որ 1915-ին ոչ մէկուն քիթը արիւնած է մեր կողմերը, բայց 1920-էն մինչեւ 1938-ը, միայն հայրս եւ մայրս մնացին ողջ գիւղին մէջ: 1938-ին երկու տարեկան էի: Աքսորեցին մեզ Չորումի Օսմանճըք գաւառի Քըզըլթեփէ գիւղը: 10 տարի ապրեցանք ցորենի պահեստին մօտ, զոր մեզի ցոյց տուած էին: Մենք ալ կից դատարկ տարածութիւնը ծառապատեցինք: Վեց եղբայրներէս երկուքը հոն մահացան:   Հազիւ մի քանի պտուղ պիտի ուտէինք՝ այս անգամ Ամասիոյ Կիւմիւշհաճըգիւղը տարին մեզ: Երկու տարի ետք ալ հոնկէ Խլաթի Սողուրդ գիւղը, յետոյ Սղերդի Քուրթալան գաւառի Քէօթիպէ Հըրապը (քանդուած գիւղ) տարին: Հին հայկական գիւղ մըն էր: Պետութիւնը 1950 թուականին100 հեկտար հողատարածք տուաւ մեզի: Վեց տարի ետք այստեղէն բռնութեամբ Տիգրանակերտ եւ հոնկէ ալ Իսթանպուլ աքսորեցին մեզ:   1972-ին, շրջիկ վաճառականութենէ շահած դրամովս Ավճըլարի մէջ հողատարածք մը գնեցի: Ամարանոց մը շինեցի: 35 հատ ծառ տնկեցի: Եօթութ տարի ետք, հազիւ ծառերը պտուղ պիտի տային, պարտէզիս վրայ սկսան գող-աւազակները յարձակիլ։ Գողցան տարին ամէն ինչս: Չդիմացայ, հոնկէ եւս հեռացայ: Հիմա այստեղ եմ ահա: Կեանքիս ամէն փուլին, ուր որ գացի՝ ծառ տնկեցի, բայց պտուղները ուրիշները կերան: Ես չկրցայ ուտել: Այդ պատճառով այլեւս ծառ չեմ տնկեր հոս: Հանապազօրեայ ուտելիքս ու բանջարեղէնս կ՚աճեցնեմ, այդքա՛ն»։   Բարկացայ Ֆերմանին այն ատեն... Քանի որ կարողութիւնը սպառած էր: Նոյնիսկ եթէ իրաւացի էր՝ չկրցայ ընդունիլ... Մեզի չի վայելեր:   ***   Սիրելի՛ Աքըն Պիրտալ, Անոնք, որոնք վրադ փամփուշտ տեղացուցին, մեր հաւաքական ծառին մէկ ճիւղը եւս փորձեցին կոտրել: Այսօր չէ որ ի յայտ եկած է այն մտածելակերպը, որ չի տեսներ, թէ ծառին ճիւղերը մէկ առ մէկ կոտրելով՝ օր մըն ալ ամբողջ ծառը եւ հետզհետէ հսկայական անտառը կ՚ոչնչացնէ: Իրենց նենգ ֆերմաններով եթէ կը կարծեն, որ պիտի հատցնեն մեր կարողութիւնը՝ կը սխալին:

Ապրա՞ծ ես որեւէ իրավիճակ մը, որ չես կրցած ուտել քու աշխատանքիդ պտուղը։

Քամփ Արմէնի երախաներուն երգած «ֆիշըրզ օֆ մէն», «Այ ֆորկա» եւ «Շողգամ» երգերը, 23.5 Հրանդ Տինք Յիշատակի վայրին համար վերստին երգուեցան Քնալը կղզիի Ներսէսեան դպրաց դասուն եւ Քնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խումբ մը պատանիներուն կողմէ՝ խմբավարութեամբ Հրանդ Չիզմեճեանի։  Այս ձայնագրութիւնները եւ Ռաքել Տինքի երգած «Վայ լէլէ» աւանդական ժողովրդական երգը կրնաք լսել մօտենալով թռչնաբոյներուն։   

Ծիծեռնակին բոյնը

Թուրքիոյ Մշակութային Ժառանգուաթեան Քարտէսի

Դատ ունիմ ո՜վ մարդկութիւն

Դատ ունիմ ո՜վ մարդկութիւն Դատ ունիմ ո՜վ մարդկութիւն* Հրանդ Տինք, Դեկտեմբեր 2000   Առտու մը առին մեզ՝ 13 մանուկ... Կետիկփաշայէն հետիոտն դէպի Սիրքեճի... Հոնկէ շոգենաւով Հայտարփաշա... Հայտարփաշայէն շոգեկառքով Թուզլայի կայարանը... Կայարանէն ժամ մը հետիոտն մեզ տարին ընդարձակ ու անսահման շիտակ տարածութիւն մը, որ կ՚եզերէր լիճն ու ծովը։ Այն ժամանակուան Թուզլան հարուստներու եւ դիւանակալներու առանձնատուներով լեցուն վայր մը չէր, ինչպէս որ է ներկայիս... Մանր աւազով, կոյս ծովեզերք մը եւ ծովէն անջատուած լճի պատառ մը... Անսահման ու անեզր տարածութեան վրայ մէկերկու տուն, թուզի եւ ձիթենիի քանի մը ծառ եւ մորմենիի թուփ... Եւ Մեր սարքած Կարմիր մահիկի վրանները... Մենք՝ 8-էն 12 տարեկան 13 դիւրաբեկ տղայ, այլեւս Կետիկփաշայի որբանոցին կրաձոյլ պարտէզին դատապարտուած պիտի չըլլայինք... Մեր ընտանիքները, հարազատները կը յիշէինք այն ժամանակ, երբ գիշերները դիտէինք հեռաւոր քաղաքի պսպղացող լոյսերը։ Քաղաքի լոյսերը կը նմանեցնէինք գետին ինկած եւ վրայ-վրայի դիզուած ծեր աստղերու։ Երեք տարի շարունակ արշալոյսին արթննալով եւ մինչեւ կէս գիշեր աշխատելով շէնքը ամբողջացուցինք: Մեր ամենակարճահասակ ընկերներէն մին՝ «Քիւթիւք» (այսպէս կը կոչէինք Զաքարը), առանձինն կրնար կրաշաղախը գրկել եւ հանել մինչեւ տանիք: Քնանալու ժամանակ ալ մեր տակը կը միզէինք յոգնութենէն: Թուզլա գացի 8 տարեկանին։ Ճիշդ 20 տարուան վաստակ ունիմ այնտեղ... Կինս՝ Ռաքէլը, հոն ճանչցայ։ Հասակ նետեցինք միասնաբար... Այնտեղ ամուսնացանք... Մեր զաւակները այնտեղ ծնան... Սեպտեմբեր 12-ի շրջանին մեր ճամբարի տնօրէնը բանտարկեցին՝ զինք ամբաստանելով «հայ ահաբեկիչներ պատրաստելու» յանցանքով։ Անիրաւ ամբաստանութիւն մըն էր։ Մեզմէ ոչ ոք պատրաստուած էր որպէս հայ ահաբեկիչ։ Որպէսզի անտէր մնացած ճամբարն ու որբանոցը չփակուի՝ ես ու հոն մեծցած ընկերներս ստանձնեցինք պարտականութիւնը։ Եւ օր մըն ալ դատարանի թուղթ մը տուին մեր ձեռքը... «Դուք, փոքրամասնական հաստատութիւններդ, իրաւունք չունիք կալուած գնելու։ Մենք ատենին սխալ ըրեր ենք նման արտօնութիւն մը տալով ձեզի։ Ա՛լ հին տիրոջը պիտի պատկանի այս վայրը»։ Հակառակ 5 տարուան մեր դիմադրութեան՝ պարտուեցանք... Ճար չունէինք, պետութիւնն էր մեր դիմաց։ Գանգատ ունիմ, ո՜վ մարդկութիւն... Մեզ վտարեցին մեր ստեղծած քաղաքակրթութենէն։ Կողոպտեցին հոն աճած 1500 մանուկի ճակտի քրտինքը։ Թալանեցին մեր մանկական վաստակը։ Եթէ այդ վայրը աղքատ երեխաներու համար որպէս որբանոց օգտագործէին, ինչ ինքնութիւն որ ունենան, աղքատ եւ կամ հաշմանդամ երեխաներու համար եթէ գործածէին, հալալ ըլլայ կ’ըսէի: Բայց այս ձեւով վաստակս հալալ չեմ ըներ: Եւ մեր ստեղծած «Թուզլայի աղքատ տղոց ճամբարը», մեր «ատլանտիսեան քաղաքակրթութիւնը» հիմա աւերակ մըն է... Մանկական ճռուողիւնները չքանալուն՝ ջրհորն ալ ցամքեր է... Կքած են շէնքին ուսերը... Հողը խոպան է, ծառերը սրդողած... Իսկ ապստամբութեանս վայրասլաց թռիչքները սուր են ինչպէս կ՚ըլլան այն ծիծեռնակինը, որու հազարումէկ խնամքով շինած բոյնը ոչնչացած է հարուածով մը... Բայց եւ այնպէս՝ անճար... * «Թուզլայի հայ երեխաներու ճամբարը – Բռնազաւթումի պատմութիւն մը», Մարդկային իրաւանց միութիւն Իսթանպուլի մասնաճիւղ, դեկտեմբեր 2000  

Etichetă nouă

Քամփ Արմեն ընդդիմութիւն

‘2012 Declaration / The Seized Properties of Armenian Foundations in Istanbul’

Ո՞վ էին այս երեխաները։Ջուդի լեռէն մինչեւ Քամփ Արմեն

Մենք եւ աշխարհայնացում

Մենք եւ աշխարհայնացում Մենք եւ աշխարհայնացում (2)* Հրանդ Տինք, «Ակօս», 4 Մարտ 2005   Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան որակական ու քանակական նուազումը տրտունջք մըն է, որ նոյնինքն հասարակութիւնը յաճախ կը մռլտայ։  Այս տրտունջքը անիրաւ չէ։ Եթէ դիտէք հասարակութեան ներկայ իրականութիւնը՝ դիւրութեամբ կրնաք տեսնել, որ թէ՛ քանակական, թէ՛ որակական անկում մը կը պատահի։ Հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թուաքանակէն սկսեալ, կրթական, մշակութային ու արուեստի արտադրանքին նուազումը եւ բազմաթիւ այլ տուեալներ նշաններն են այս անկումին։ *** Անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատել այս նուազումը։ Նուազումը եւ նահանջը կը պատահի հաստատութիւններու այն ցանցէն ներս, որ կը պատնէշէ հայ հաւաքականութեան աշխարհիկ տարածքը. հաստատութիւններ, որոնք երեւութապէս աշխարհիկ են, սակայն աշխարհիկ չեն (կրնար ըլլալ) իրենց մտածմամբ։ Հակառակ այս նուազումին, վերջին տարիներուն զարմանալի չէ տեսնել հայ հաւաքականութենէ հետզհետէ աւելի շատ անհատներ, որոնք տէր կը կանգնին իրենց ինքնութեան։ Դժբախտաբար ինքնութեան տէր կանգնելու այս երեւոյթը կը սահմանափակուի միայն անհատական տարածքով եւ չի հասարակայնանար, այս պատճառով ալ չի դիմագրաւեր ակնյայտի նուազումը։ Միջոց մը առաջ գրած էի յօդուած մը, զոր աւարտած էի հետեւեալ նախադասութիւններով. «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան անհատներուն ինքնութիւնը կը զօրանայ, սակայն կը խեղդուին հաստատութիւնները, զորս փրկելու միակ միջոցը զանոնք ալ անհատներու նման աշխարհիկ դարձնել է։ Բուն խեղդուողները անոնք են, որոնք պաշտպան կը կանգնին այս փակ համակարգին եւ դէմ են հանրութեան աշխարհիկ դառնալուն»։ *** Ճիշդ ժամանակն է շարունակել այս տողերը եւ փնտռել պատասխանը հետեւեալ հարցումին. «Որո՞նք են Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան աշխարհիկ դառնալուն դիմաց ցցուած խոչընդոտները»։ Ըստ իմ անձնական դիտարկումներուս, այս խոչընդոտը ունի երեք հանգրուան։ Առաջինը՝ պետութեան փոքրամասնական հաւաքականութիւնը ընկալելու մտայնութիւնը եւ ձուլումի այն քաղաքականութիւնն է, զոր պետութիւնը կը վարէ ըստ յիշեալ մտայնութեան որդեգրած դիրքով։ Կը կարծեմ, որ այս դերին վերաբերեալ չըսուած խօսք կամ չգրուած գրութիւն ա՛լ չէ մնացած։ Պատմութիւնը երբ դիտենք, կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի հասարակական ու քաղաքացիական զարթօնքը եղած է պետութեան մեծագոյն խնդիրը։ Այդ զարթօնքը ոչնչացնելու համար որպէս վերջին ճար դիմած են 1915-ի աղէտին։ Այսօր եւս կիրառուած քաղաքականութեան ամփոփումը հետեւեալն է. «Փոքրամասնութիւնները ապահովութեան հարց մըն են։ Ամէն տեսանկիւնէ օգտակար է իրենց թուաքանակին նուազումը եւ փոքրիկ կրօնական համայնքի վերածուիլը»։ *** Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան աշխարհիկ դառնալու առջեւ կանգնած երկրորդ արգելքը այն իշխանութիւնն է, որ կը ղեկավարէ այս հաւաքականութիւնը։ Այդ իշխանութիւնն է Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը։ Հակառակ երեւութապէս կրօնական առաջնորդութիւն մը ըլլալուն, իր գործունէութեան ասպարէզը միայն կրօնական դաշտով չի սահմանափակեր, միաժամանակ կ՚ուզէ իր ազդեցութեան տակ պահել հանրութեան ընկերամշակութային եւ հանրային բոլոր ասպարէզները։ Նման ցանկութիւն մը նոր չէ, այս ցանկութեան դէմ պայքարը եւս հին է։ Թուրքիոյ հայոց շուրջ 150 տարուան աշխարհիկ դառնալու բոլոր պայքարները, իրականութեան մէջ, հայերուն իրենց պատրիարքութեան դէմ մղած մէկ պայքարը չէ, միաժամանակ այդ աթոռին ընդմէջէն պայքար մըն է պետութեան դէմ։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ պատմական այս պայքարը երբեմն հասած է տեղ մը, ուր պետութեան դէմ մղուած պայքարին անճարութեան ու խեղճութեան հաշիւը պահանջուած է պատրիարքութենէն։ Քիչ չեն նաեւ այն դրուագները, երբ պատրիարքութիւնը, քաղաքացիական զարթօնքը կասեցնելու համար, շատ աւելի հակազդեցութիւն ցուցաբերած է, քան պետութիւնը։ Անցեալը ձգած երբ այսօրը դիտենք, կարելի է ըսել, թէ Պատրիարքական աթոռը տակաւին չ՚արտօներ իրմէ անկախ քաղաքացիական կեցուածք մը։ *** Իսկ երրորդ եւ ամենէն էական արգելքը նոյնինքն անհատական դարձած սակայն աշխարհիկ չդարձած հաւաքականութիւնն է։ Հայ հաւաքականութեան արտակրօնական ընկերային եւ մշակութային հաստատութիւնները ներառեալ, կազմակերպչական ողջ համակարգը, նորոյթ դարձած ասոյթով, «իբր թէ աշխարհիկ» է։ Աշխարհիկ դառնալու ալ մտադիր չեն։ Քանի որ աշխարհիկ դառնալը տեսակ մը քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ կեցուածք կը պահանջէ։ Անոնք, որոնք հաստատութիւններու վարիչ կ՚ընտրուին, պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն միայն վարչական գետնի վրայ եւ մտածելակերպի առումով կը խուսափին եւ առկայ հարցերու քաղաքական լուծումը իրենք անձամբ կը փոխանցեն կրօնական առաջնորդութեան։ Մտայնութեան այս պակասը մեր հաստատութիւնները կը հեռացնէ լուծման տարածքներ ըլլալէ եւ զանոնք կը վերածէ հարցերու կառավարման վայրի։ Իրենց այս վիճակով մեր հաստատութիւնները «կառավարողները» կը վերածուին կառավարուողներու, իսկ անոնք, որոնք չեն ընդունիր կառավարուիլ ու կը համարձակին գործադրելու իրենց կամքը՝ դիւրութեամբ կը մսխուին։ Այս իսկ պատճառով, մեր իբր թէ աշխարհիկ հաստատութիւնները ո՛չ թէ անհատ կ՚արտադրեն, այլ անհատ կը սպառեն։   * Երեք գրութիւններէ բաղկացող այս շարքին առաջին գրութիւնը հրատարակուած է «Ակօս»ի 25 փէտրուար 2005 թիւին։

6 փետրուար 2004 «Ակօս»ի մէջ հրատարակուեցաւ Սապիհա Կէօքչենի հայկական արմատներուն մասին լրատուութիւն մը։

 

13 փետրուար 2004 Հրատարակուեցաւ հայկական ինքնութեան վերաբերեալ Հրանդ Տինքի յօդուածաշարքը, որ դատի նիւթ պիտի ըլլար աւելի վերջ։

21 փետրուար 2004 «Հիւրրիէթ» թերթը Սապիհա Կէօքչենի մասին լրատուութիւնը հրապարակեց իր առաջին էջին վրայ։

22 փետրուար 2004 Ընդհանուր Սպայակոյտի նախագահութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ կոչ ուղղելով թուրք քաղաքացիներուն ու հաստատութիւններուն, որպէսզի տէր կանգնին ու պաշտպանեն Աթաթիւրքի բարոյական ներկայութիւնը եւ գաղափարական համակարգը։

Փետրուար 2004 Թրքական Ուղղափառ պատրիարքութիւնը Հրանդ Տինքին յօդուածը թղթատարով յղեց Հանրապետական դատախազութիւն։ Թրքական Ուղղափառ պատրիարքութիւնը, որ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ վաւերացուած չէ, յայտնի է պետական հաստատութիւններու հետ ունեցած մտերմիկ

24 փետրուար 2004 Հրանդ Տինք հրաւիրուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Փոխկուսակալի եւ հետախուզական պաշտօնեաներու ներկայութեամբ կայացած ժողովին, զոր ինք յետագային պիտի որակէր որպէս սպառնալիք, զգուշացուեցաւ իր հրապարակումներուն պատճառով։

Փետրուար 2004 Խումբ մը մարդիկ ու հաստատութիւններ, միեւնոյն դիմումնագրերը ստորագրելով, Հրանդ Տինքի մասին գանգատ յայտնեցին Հանրապետական դատախազութիւն։

 

25 փետրուար 2004 Հայկական ինքնութեան վերաբերեալ յօդուածաշարքէն արտայայտութիւն մը, իր համածիրէն դուրս հանուած ու խեղաթիւրուած, պատճառ դարձաւ որպէսզի «թրքութիւնը անարգելու» պատրուակով դատ բացուի Հրանդ Տինքի դէմ։

26 փետրուար 2004 Գորշ-գայլերու Իսթանպուլի կազմակերպութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց «Ակօս»ի առջեւ, այնտեղ զետեղեց սեւ ծաղկեպսակ ու սպառնաց Հրանդ Տինքին։

3 մարտ 2004 Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց «Ակօս»ի առջեւ։

 

27 մայիս 2005 Դատարանի կողմէ նշանակուած փորձագէտներու անկախ մարմինը ներկայացուց տեղեկագիր մը, ըստ որու Հրանդ Տինքի արտայայտութիւնը դուրս հանուած էր իր համածիրէն եւ թուրքերը անարգող որեւէ տարր չէր պարունակեր։

8 յուլիս 2005 Հակառակ ի նպաստ Հրանդ Տինքի տրուած փորձագէտներու տեղեկագրին, դատախազը պատիժ պահանջեց։

 

1 սեպտեմբեր 2005 Դատական գործընթացին ազդելու ամբաստանութեամբ դատ մը եւս յարուցուեցաւ «Ակօս»ի դէմ՝ դատախազին պահանջքն ու փորձագիտական տեղեկագիրը հրապարակելուն պատճառով։

7 հոկտեմբեր 2005 Ըստ թրքական քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածին, թրքութիւնը անարգելու յանցանքով Հրանդ Տինք դատապարտուեցաւ վեցամսեայ բանտարկութեան։

7 Հոկտեմբեր 20057 հոկտեմբեր 2005 Հրանդ Տինքի փաստաբանները որոշումը վիճարկելով՝ դիմեցին վերին մարմին հանդիսացող Վճռաբեկ ատեան։

11 հոկտեմբեր 2005 Մտաւորականները զօրակցական այց մը տուին «Ակօս»։

16 հոկտեմբեր 2005 Դատական մարմինին ազդելու ամբաստանութեամբ քրէական գանգատ ներկայացուեցաւ Հրանդ Տինքի մասին՝ «Գրածներս չհասկցան» ըսելուն պատճառով։

6 նոյեմբեր 2005 Վճռաբեկ ատեանի նախկին աւագ դատախազ փրոֆ. տքթ. Սամի Սելչուքէն իրաւաբանական կարծիք առնուեցաւ։ Փորձագէտներու տեղեկագիրը արդարացնող Սելչուքի համաձայն, Հրանդ Տինք թրքութիւնը անարգած չէր։

25 դեկտեմբեր 2005 Դատական ընթացքին ազդելու ամբաստանութեամբ դատ մը եւս յարուցուեցաւ «Ակօս»ի դէմ։

24 փետրուար 2006 Վճռաբեկի հանրապետական դատախազութիւնը դատական որոշումը ջնջելու ուղղութեամբ կարծիք յայտնեց։

 

1 մայիս 2006 Հակառակ Վճռաբեկի աւագ դատախազի կարծիքին, Վճռաբեկ ատեանը վաւերացուց բանտարկութեան որոշումը։

6 յունիս 2006 Վճռաբեկի հանրապետական դատախազութիւնը վիճարկեց Վճռաբեկ ատեանի որոշումը։

11 յուլիս 2006 Վճռաբեկի պատժական ընդհանուր ժողովը 6 դէմ 18 քուէով մերժեց Վճռաբեկի հանրապետական դատախազութեան վիճարկումը եւ վաւերացուց բանտարկութիւնը։

14 Յուլիս 2006

14 յուլիս 2006 «Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցին, ի պատասխան թղթակցի «1915-ին պատահածները ցեղասպանութի՞ւն էին, թէ ոչ» հարցումին, Հրանդ Տինք պատասխանեց. «Ցեղասպանութիւն էր»։ Իրեն դէմ թրքութիւնը անարգելու ամբաստանութեամբ նոր դատ մը եւս յարուցուեցաւ։  ։

11 յունուար 2007 Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան (ՄԻԵԱ) դիմում կը կատարուի՝ 6 ամսուան յստակացած բանտարկութեան վերաբերեալ։

17 յուլիս 2006 Ստորագրահաւաքի արշաւ մը սկսաւ՝ «301-ի դէմ 1 ստորագրութիւն» անունով։

 

12 յունուար 2007 Հրանդ Տինքի ՄԻԵԱ-ի համար գրառած յօդուածին առաջին բաժինը կը հրատարակուի։

19 յունուար 2007 Հրանդ Տինքի ՄԻԵԱ-ի համար գրառած յօդուածին երկրորդ բաժինը կը հրատարակուի։

Քամփ Արմենին ին՞չ պատահեցաւ:

Քամփ Արմենին ին՞չ պատահեցաւ:Քամփ Արմէնի բռնագրաւումը, տեղական դատարանի որոշումին Դատախազութեան կողմէ հաստատումով հասաւ կը հասնի իր աւարտին: Նախկին տիրոջ վերադարձուած կալուածը, շատ ժամանակ չանցած կը վաճառուի ուրիշներու: Ժամանակի ընթացքին մի քանի անգամ եւս ձեռքէ ձեռք կ՚անցնի եւ լքումի կ՚ենթարկուի: Կետիքփաշայի Աւետարանական Եկեղեցին, որուն ձեռքէն առնուած էր կալուածը, 2000-ներուն եւ 27 Օգոստոս 2011 թուականի որոշումին հիման վրայ կալուածի վերադարձին համար դիմումներ կատարած է, սակայն մերժուած է:  6 Մայիս 2015 թուականի առաւօտուն, աշխատանքային մեքենաներով Քամփ Արմէնի փլուզումը սկսելէն ետք, Նոր Զարթօնքի անդամները, Թուզլացիները, մեծ թիւով քաղաքական կուսակցութիւն եւ հասարակական կազմակերպութիւններ գալով ճամբարի վայրը փլուզման ընթացքը կը կասեցնեն: Ինչպէս Թուրքիոյ զանազան նահանգներէն, Եւրոպայէն, Լիբանանէն, Ամերիկայէն եւ Աւստրալիայէն մարդիկ եկած են ճամբար եւ նեցուկ կանգնելու յայտարարութիւններ ըրած են: Ճամբարի փլուզման սկսած պահէն ի վեր շարունակուած հսկումի ընթացքին հայերէնի աշխատանոց եւ համերգներ կատարուած են, գրողներ եւ ակադեմականներ զանազան նիւթերով կազմակերպուած զրոյցներով նեցուկ կանգնած են: Ճամբարի հոգիին յարմար կրթական աշխատանոցներ, երեխաներու համար ներկելու, նկարչութեան եւ թատրոնի աշխատանոցներ կազմակերպուած են: «Սիրոյ սեղան», Երիւզու Սոֆրասը (Երկրագունդի սեղան) եւ իֆթարի սեղանները իրար կողք եկած են: Եօթը տարեկանէն մինչեւ եօթանասուն եօթ տարեկան դիմադրող հասարակութեան զանազան հատուածները, ինքնութիւնները իրար կողք կեցած, նախապաշարումներու կոտրուելուն, երկխօսութեան ճամբայ ցոյց տուող զօրակցութեան օրինակելի միջավայր կերտած են:  175 օր տեւած դիմադրութենէն ետք Քամփ Արմէնին պատկանող 4850 մք կալուածը 27 Հոկտեմբեր 2015 թուականին, իսկական տիրոջ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կը վերադարձուի: Մնացած 3800 մք տարածքը տակաւին Թուզլայի քաղաքապետարանին ենթակայ է, որպէս կանաչապատ տարածք: Վերադարձուելու պահանջները կը շարունակուին: Ընթացքի մէջ են ճամբարի վերստին հասարակական նպատակներով ծառայող վայր դարձնելու աշխատանքները:

Թուրքիոյ մէջ արմատներ ունի՞ք։ Գոյութիւն ունեցող հետք մը կա՞յ։

«Այ Ֆօրկա»

«Մարդո՛ց որսորդ»

«Շօղքամ»

«Վա՛յ լէ լէ» -- Ռաքել Տինք

Արաս Հրատարակչութիւն

www.arasyayincilik.com/kitap-dili/hayeren/

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս է

Վրաս փակցուած զրպարտութիւն՝ցեղապաշտութիւն

Դէպքերը «Հայոց ցեղասպանութիւն»անուանելը թրքութիւնը անարգե՞լ է

Թըրթթավա

Ճեմիշի երգչախումբ

Ակօսը ինչո՞ւ հիմնադրուած է

Փնտրում եմ հարազատիս

«Ակօս»-ին հետաքրքրությամբ հետևում էին նաև աշխարհով մեկ սփռված հայերը՝ Եվրոպայից մինչև Ռուսաստան, Ամերիկայից մինչև Ավստրալիա։ «Ակօս»-ի ընթերցողները թերթին միանգամից նոր առաքելություն հանձնարարեցին։ Այն հարթակ դարձավ Թուրքիայում իսլամաց(վ)ած կամ Սփյուռքում հանգրվանած հայերի հարազատներին գտնելու համար։ Հարազատներ, որոնց ճակատագիրը անհայտ էր մնացել 1915 թվականից հետո։

Ի՞նչ է բուն պատճառըոր իմ վրաս կու գան

Կրնա՞նք պատմութիւնըվերապրողներուն վրայէն խօսիլ

«Անցագիրը գրպանս է ա՛լ»

Հրանդ Տինքին մինչեւ 48 տարեկանը անցագիր չէ տրուած։ Իւրաքանչիւր դիմումի ժամանակ ուղարկուած է «5-րդ սեղան», որ կը նկատուէր «փոքրամասնութեանց սեղանը»՝ երբեք տեղեակ չդառնալով, թէ ինչու բացասական պատասխան կը տրուի իր դիմումին։ Առաջին անցագիրը ստացած է նոյեմբեր 2001-ին եւ հինգ տարի շարունակ հանդիպումներ ունեցած է աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայաստանցիներու հետ՝ անոնց պատմելով Թուրքիա մնացած հայերն ու իր երկրի ժողովրդավարացման պայքարը։ «Անցագիրը գրպանս է ա՛լ» յօդուածաշարքով «Ակօս»-ի ընթերցողներուն փոխանցած է այն տպաւորութիւնները, զորս ստացած էր այս ճանապարհորդութիւններէն։
 

«Երկու Մօտ Ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեվան»

Հրանդ ՏինԽմբագիր՝ Հրանդ Դինք 2009 «Երկու մոտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարևան» խորագրով հրատարակությունը պոլսահայ համայնքի նշանավոր ներկայացուցիչ, Ստանբուլում լույս տեսող «Ակօս» շաբաթաթերթի երջանկահիշատակ խմբագրապետ Հրանդ Դինքի առաջին գիրքն է: Այն թուրքերեն լույս է տեսել 2008 թվականին՝ խմբագրապետի ողբերգական մահվանից մոտ 1.5 տարի անց: Հրանդ Դինքն այստեղ ներկայացնում է Թուրքիայի և Հայաստանի ընդհանուր ապագան կառուցելու և անցյալը վերանորոգելու բոլորովին նոր մոտեցում:

Ջուրը գտաւ իր ճեղքը

Ի՞նչ պատահած է 19 յունուար 2007-ին

Հունվարի 19-ի հիշատակի հարցազրույցներ։

Բոլորս Հրանդ ենքԲոլորս Հայ ենք

Ո՞վ սպանեց

Ո՞վ սպանեց

Ոճրի մեղադրեալներուն միջեւ հեռախօսազրոյց

HTML

Andreas Knitz: Art as an Ambassador

Ի՞նչ պատգամ կ'ուզէք ձգել այցելուներու ցուցատախտակին վրայ:

HTML
HTML

Քաղաքականութիւն հրապարակ

HTML

Հրանդ Տինք կենսագրութիւն

րանդ Տինք ծնած է Մալաթիա, 1954-ին։ Հինգ տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պոլիս։ Մօրն ու հօրը բաժանումին պատճառով, իր երկու եղբայրներուն հետ յաճախած է Կետիկփաշայի Հայ եկեղեցւոյ Ինճիրտիպիի նախակրթարանը, իսկ ամռան շրջանը անցուցած է վարժարանի Թուզլայի ճամբարին մէջ։ Պէզճեան Մայր վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Ս. Խաչ Դպրեվանք։ Աւարտած է Շիշլիի լիսէն։ Ապա Իսթանպուլի համալսարանէն ստացած է կենդանաբանութեան ու փիլիսոփայութեան կրթութիւն։
Ամուսնացած է Վարդօ գերդաստանէն Ռաքէլ Եաղպասանի հետ, որու հետ ծանօթացած էր նախակրթարանի օրերուն։ Բախտաւորուած են երեք զաւակով։ 1996-ին ստանձնեց «Ակօս»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը, որ Թուրքիոյ մէջ հիմնադրուած էր որպէս թրքերէն-հայերէն հրատարակուող առաջին շաբաթաթերթը։ 
Աթաթիւրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչենի ծագումով հայ ըլլալուն վերաբերեալ լրատուութենէն ետք, դարձած է թիրախ։ Հայկական ինքնութեան վերաբերեալ իր յօդուածները իրենց պարունակութենէն դուրս հանուելով, «թրքութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ դատուած ու դատապարտուած է։ Ստացած է սպառնալիքներ, դարձած է ազգայնական շրջանակներու թիրախը ու եղած է մամլոյ ատելութեան խօսքի առարկան։ 19 Յունուար 2007-ին սպանուած է այս շէնքին առջեւ։ 
Ոճրին դատը կը շարունակուի 2007-էն ի վեր։

Ո՞վ է Հրանտ Դինքը

Ես թո՞ւրք եմ

Ես Թուրքիոյ մէջ ինչո՞ւ համար կը պայքարիմ

Ակօսը ո՞ր կարիքին համար հիմնադրուած է

Թուրքիոյ հայ հաւաքականութիւն

Թուրքիոյ հայերուն թիւը մօտաւորապէս 50 հազար է, որու գրեթէ ամբողջը կը բնակի Պոլիս։ Պոլսոյ մէջ կայ 56 եկեղեցի, որու 48-ը կը գործէ, 20 գերեզմանատուն եւ 16 վարժարան։ Առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական հայերուն պատկանող 53 համայնքային հաստատութիւն պատասխանատու է իրեն ենթակայ եկեղեցիներու, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու հաշուեցոյցէն ու վարչութենէն։ Պետութիւնը, որպէս փոքրամասնութեանց հանդէպ կիրառած քաղաքականութեան մէկ տարրը, պետականացուցած է այս հաստատութիւններուն պատկանող կալուածներուն կարեւոր մէկ մասը՝ սահմանափակելով հայ հաւաքականութեան եկամուտի աղբիւրը։ «Ակօս» մէկ կողմէ այս քաղաքականութեան դէմ պայքարած, միւս կողմէ ալ ներկայացուցած է հասարակական այլընտրանքային նախագիծեր եւ պայքարած է հայ հաւաքականութեան մէջ առկայ քարացած վիճակին դէմ՝ որպէսզի համայնքային հաստատութիւնները ըլլան թափանցիկ, ըլլան հասարակութեան հաշուետու եւ հայերը չսեղմուին պետութեան առջեւ սոսկ որպէս կրօնական համայնք ներկայացուածութեան։
 

23-րդ Սաղմոս

Ծիծեռնակին բոյնը

Թուրքիոյ Մշակութային Ժառանգուաթեան Քարտէսի

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, վերջին շրջանին, կ՚ապրէր մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայ, 2 միլիոն յոյն, 500 հազար ասորի, իսկ այսօր Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին մօտաւորէպաէս 50 հազար հայ, 2 հազար յոյն եւ 20 հազար ասորի։ Հրանդ Տինք հիմնարկի կողմէ պատրաստուած, Թուրքիոյ Մշակութային Ժառանգուաթեան Քարտէսի վրայ, կրնաք գտնել բազմշակութային պատմութեան հետքեր։ 

Քամփ Արմեն ընդդիմութիւն

‘2012 Declaration / The Seized Properties of Armenian Foundations in Istanbul’

Publisher: HDF Publications Editor: Altuğ Yılmaz The 1936 Declaration was used as a cover-up for the persecution of minority foundations by the Republic of Turkey. The 1913 and 1936 declarations, prepared by all minority foundations upon the request of the state, are officially treated as 'declarations of properties'; whereas the 2012 Declaration -the most comprehensive balance sheet produced so far of the loss suffered by Armenian foundations in Istanbul, in a chain of injustice that has continued for almost a century- is a 'declaration of unlawful seizures'.

Ո՞վ էին այս երեխաները։Ջուդի լեռէն մինչեւ Քամփ Արմեն

Թուրքիոյ մէջ արմատներ ունի՞ք։ Գոյութիւն ունեցող հետք մը կա՞յ։

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, վերջին շրջանին, կ՚ապրէր մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայ, 2 միլիոն յոյն, 500 հազար ասորի, իսկ այսօր Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին մօտաւորէպաէս 50 հազար հայ, 2 հազար յոյն եւ 20 հազար ասորի։ Հրանդ Տինք հիմնարկի կողմէ պատրաստուած, Թուրքիոյ Մշակութային Ժառանգուաթեան Քարտէսի վրայ, կրնաք գտնել բազմշակութային պատմութեան հետքեր։
HTML
HTML
HTML
HTML